ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉ
Թրքահայութիւնը պատմական ու մեծահանդէս արարողութիւններով շաբաթավերջին ողջունեց իր նոր հոգեւոր պետը. յանձին՝ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Շուրջ 12 տարի վերջ այլեւս թափուր չէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը։ 2020 թուականի լուսաբացը նորոգութեան շունչ մը բերած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը շաբաթավերջի արարողութիւններով հասաւ իր աւարտին։ Նորընտիր գահակալը շաբաթ յետմիջօրէին կատարեց իր երդումը, ստացաւ ասան եւ գահ բարձրացաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր երէկ առաւօտ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան առաքելութեան ձեռնարկեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, համաքրիստոնէական ընտանիքի, Թուրքիոյ Հանրապետութեան զօրակցութեամբ ու մեր համայնքի ջերմ վերաբերմունքով։ Մինչ թրքահայութիւնը կ՚ողջունէ իր տարեգրութեանց մէջ սպիտակ էջի մը բացուիլը, Նորին Ամենապատուութեան անունը արդէն պաշտօնապէս արձանագրուած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գաւազանագրքին մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ուղարկած Հայրապետական սրբատառ կոնդակով արքութեան պատիւ շնորհեց նորընտիր պատրիարքին։
Շաբաթ, յետմիջօրէին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան մեծահանդէս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ։ Զանգակներու զուարթ ղօղանջով նորընտիր պատրիարքը ամպհովանիով, ծանրաշուք թափօրով մը առաջնորդուեցաւ Մայր եկեղեցի։ Ամպհովանին եւ թափօրի մասնակից պատրիարքական զինանշանը կը կրէին համայնքային հինգ հաստատութիւններու ատենապետները։ Նորին Ամենապատուութիւնը խորան բարձրացաւ, ուր կատարեց իր երդումը եւ ստացաւ ասան։ Իր շուրջ խորանին վրայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէն Տ. Գեղամ Եպսկ. Խաչերեան եւ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան, Պոլսոյ Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյնը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան, ինչպէս նաեւ դաւանակից Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիէն մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին։
Արարողութեան ընթացքին Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան ընթերցեց օրուան Աւետարանը եւ անմիջապէս վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծնրադիր կատարեց իր ուխտը։ Երդումէն վերջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան աղօթք մը ընթերցեց իր վրայ։ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան խորանին վրայ ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը եւ յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան ասան։ «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ վերաբերուեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը, զոր ընթերցեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։ Նորին Սրբութիւնը արքութեան պատիւ շնորհած էր նորընտիր պատրիարքին։ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ պանակէ մըն ալ ընծայեց Նորին Ամենապատուութեան։
Աւելի վերջ հերթով քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները խորան բարձրանալով շնորհաւորութեան արտայայտութիւններ ունեցան, եղբայրաբար ողջագուրուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ եւ յանձնեցին յուշանուէրներ։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանն ալ այս փուլին խորան բարձրանալով Պոլսոյ Աթոռին անունով հրապարակեց շնորհակալութիւններ՝ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն, պետական աւագանիին, քոյր եկեղեցիներուն եւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն, դիւանագիտական շրջանակներուն եւ մեր համայնքին։
Այս փուլէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը խորանէն վար իջաւ եւ առաջնորդուեցաւ պատրիարքական գահ, ուրկէ իր օրհնութիւնը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին։
Արարողութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահուն վրայ ընդունեց շնորհաւորութիւններ։
Հուսկ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին գահակալութեան արարողութեան մասնակիցները բարեմաղթութիւններ յղեցին նորընտիր պատրիարքին։ Երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ կազմակերպուած այս ընդունելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ բոլորը ստանան նորընտիր պատրիարքի օրհնութիւնը եւ համախմբուին անոր շուրջ։
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ալ գահակալութեան կարգադիր յանձնախումբին կողմէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ փակ ընթրիք մը սարքուեցաւ Գումգաբուի «1860 Suites» պանդոկին մէջ, ուր կ՚իջեւանին նաեւ արտասահմանէն ժամանած հոգեւոր հայրերը։