«ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՔ ՀԱՅՈՑ» ԻԲ.

Երեւանի մէջ անցեալ տարեվերջին հրատարակուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Մատենագիրք Հայոց» ԻԲ. հատորը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հրատարակութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ։ Այս հրատարակութիւնը ձօնուած է միջնադարու մեծ մտածող, բանաստեղծ, աստուածաբան ու շարականագիր Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մահուան 850-րդ տարելիցին։

Հատորը կ՚ընդգրկէ Շնորհալիի արձակ գործերը՝ թուղթերը, Սուրբգրային մեկնութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր խմբագրած թարգմանութիւնները՝ ամբողջացնելով մատենագիրքի թողած ամբողջ գրաւոր ժառանգութիւնը։ Այս հատորի նպատակն է Ներսէս Շնորհալիի դարաւոր ժառանգութեան ամբողջացումն ու ծանօթացումը։

Հարկ է նշել, որ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-րդ տարելիցը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2022-2023 թուականներու օրացոյց»ին մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023