ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Երկու վարչապետները ունեցան առանձնազրոյց մը, նաեւ գլխաւորեցին Հայաստան-Վրաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը։ Ժողովին զուգահեռ Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի ստորագրեցին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ՝ երկու պետութիւններու քաղաքացիներուն համար փոխադարձ առանց մուտքի արտօնագրի ճամբորդելու մասին համաձայնագիր մը։

Կը հաղորդուի, որ երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին յաճախ շեշտուեցան վիճակագրական տուեալներ, որոնք կ՚ապացուցանեն կողմերու տնտեսական յարաբերութիւններու ներկայ բարւոք վիճակը։ «Երկկողմանի համագործակցութեան շրջանակներէն ներս փոխադրութեան ոլորտին տրուած առաջնահերթութիւնն ու փոխադրութեան միջազգային շարք մը կառոյցներէ ներս համագործակցութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն իրատես քայլեր առնելու թէ՛ հիւսիս-հարաւ եւ թէ արեւելք-արեւմուտք ուղիներու հանգուցային կապ ապահովող նախաձեռնութիւններուն մէջ։ Այս բոլորը մեր քննարկումներու ռազմավարական հարթութեան վերաբերեալ հարցեր են եւ անոնց վրայ մենք շարունակաբար պէտք է աշխատինք», ըսաւ Փաշինեան եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի համար Վրաստանը՝ որպէս տարանցիկ երկիր, մեծ դեր ունի նաեւ ուժանիւթի պաշարներու, կապի եւ հեռահաղորդակցութեան անվտանգ մատակարարման առումով։

Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած է նաեւ երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ Փաշինեանի կողմէ կատարուած արձանագրում մը, ըստ որու, Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ փոխըմբռնում գոյութիւն ունի անվտանգային եւ քաղաքական հարցերու շուրջ։

Վարչապետներու բանակցութիւններուն առընթեր, երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի միջեւ։ Զրոյցի ընթացքին Միրզոյեան պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախէ ներս օրէ օր վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը։

ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԻՒՐ

Միւս կողմէ, երէկ, Երեւան ժամանեց նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Եայէլ Պրաուն-Փիվէ, որ կը հիւրընկալուի Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ։ Բարձրաստիճան հիւրը այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ օրուան տեւողութեան կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023