ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, յունուարի 10-ին, երկար ընդմիջումէ ետք՝ պայմանաւորուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներով, վարչապետ Փաշինեան տուաւ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը։ Լրագրողներուն համար երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած ասուլիս մը, որուն ընթացքին 2023-ին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հայաստանի մէջ ծրագրուած ռազմափորձերու մասին յայտարարեց. «Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարը արդէն իսկ ՀԱՊԿ-ի միաւորուած սպայակոյտին գրաւոր տեղեկացուցած է, որ մենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀԱՊԿ-ի զօրավարժութիւններ կատարելը այս իրավիճակին մէջ նպատակայարմար չենք համարեր։ Եւ այդ զօրավարժութիւնները Հայաստանի մէջ, յամենայնդէպս, այս տարի չեն կայանար»։

Հայաստանի իշխանութիւններուն այս երկրորդ մերժումն է յղուած ՀԱՊԿ-ին եւ զայն հովանաւորող գլխաւոր ուժին՝ Ռուսաստանին իբր հակազդեցութիւն սեպտեմբեր 2022-ին Հայաստանի սահմանին Ատրպէյճանի յարձակումներուն՝ այդ հաւաքական ռազմական դաշինքին դաշնակցային իր պարտականութենէն հրաժարելուն եւ դեկտեմբերի 12-էն ի վեր ռուս խաղաղապահներու՝ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան 6-րդ կէտը չգործադրելուն. այնտեղ նշուած է Բերձորի միջանցքին անխափան գործածութեան երաշխաւորումը։ Յիշենք, որ Հայաստանի առաջին մերժումը 2022-ի նոյեմբերին էր՝ չստորագրելով ՀԱՊԿ-ի Երեւանի վեհաժողովի աւարտական յայտարարութիւնը։

Զուգադիպութեամբ, յունուարի 10-ին, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի ու Եւրոյանձնաժողովի ղեկավարներ՝ Շարլ Միշել եւ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն ստորագրեցին Համագործակցութեան երրորդ համատեղ հռչակագիրը։ ՆԱԹՕ կ՚ընդարձակուի երկու նոր անդամներով, իսկ այս յաջողութեան կից, անդին՝ ակներեւ է ձախողութիւնը ՀԱՊԿ-ի, որ Հայաստանի հանդէպ կը զլանայ իր պարտականութիւնը կատարել եւ անդամակցութեան համար ոչ մէկ երկրի հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։

Արդեօք ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի հրաժարումը՝ Արեւմուտքէն կամ ՆԱԹՕ-էն աւելի մեծ նեցուկ ստանալու առիթ կ՚ընծայէ՞։ Բնա՛ւ։ Եւ հո՛ս է Հայաստանի ճակատագրական առանձնութեան առեղծուածը։ Ըլլա՛յ ՆԱԹՕ-ն, ըլլայ ՀԱՊԿ-ն, այս երկու ռազմական դաշինքներն ալ բռնատիրական Ատրպէյճանը կը նկատեն իրենց ռազմավարական գործընկերը, իսկ հետզհետէ աւելի ժողովրդավարութեան փարող Հայաստանը՝ երկրորդ կարգի պետութիւն մը։ Աւելին՝ ըլլա՛յ ՆԱԹՕ-ի, ըլլա՛յ ՀԱՊԿ-ի համար Հայաստանի գոյութիւնը կարեւոր է իբրեւ միջոց Ատրպէյճանը սիրաշահելու։ Հայաստանն ու Արցախը միջոց են Ռուսաստանի համար Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները պահպանելու եւ ամրապնդելու։ Իսկ ԱՄՆ-ի եւ Արեւմուտքի համար ալ Հայաստանն ու Արցախը միջոց են Ռուսաստանի եւ Իրանի դէմ պայքարելու։

Ռազմավարական այս բարդ պայմաններուն մէջ է, որ Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհի փակումը արդէն մէկ ամիսէ ի վեր միջազգային պատշաճ հակազդեցութեան չէ արժանացած։ Ատրպէյճանի ուժերը առանց անհանգստանալու փակած կը պահեն ճամբան։ Խօսքի մակարդակով դատապարտումները կը տեղան ամէն կողմէ, սակայն, գործնականին մէջ՝ ո՛չ մէկ սպառնալիք։ Միակ հակազդեցութիւնը Արցախի իշխանութիւններէն եւ Հայաստանէն եկաւ։ Երկուքն ալ՝ չզիջելու տարազով։ Արցախ կը մերժէ Ատրպէյճանի «բնապահպան»ներու ստուգումներուն առիթ տալ, որպէսզի հանքերը այցելեն եւ փոխարէնը՝ կ՚առաջարկէ միջազգային փորձագէտներու այցելութիւնը՝ հանքերուն մէջ բնապահպանական ստուգումներ կատարելու համար։ Իսկ Հայաստան դաշնակից Ռուսաստանի քմահաճ վերաբերումին զիջիլ չ՚ուզեր եւ կը պահանջէ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ նշուած 6-րդ կէտին գործադրումը։

Հակառակ միջազգային ասպարէզին վրայ Հայաստանի՝ առանց դաշնակիցի մնալուն, Փաշինեան ամուր կը մնայ դիւանագիտական միջոցով հարցերը լուծելու իր դիրքորոշման մէջ. «Մեր գործիքակազմը պէտք է ըլլայ դիւանագիտական, այն է՝ միջազգային հնարաւորինս մեծ ճնշում գործադրել Լաչինի միջանցքը բանալու հարցին մէջ»։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023