ԿԱՊԻ ԽԶՈՒՄ

Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շրջափակեալ Արցախը երէկուան դրութեամբ զրկուեցաւ նաեւ համացանցային կապէ, ինչ որ կը խորացնէ անոր մտահոգիչ մեկուսացումը։ Ատրպէյճան խզած է Հայաստանէն դէպի Արցախ հաղորդակցութեան լարերը՝ խաթարելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաղորդակցութեան եւ ճշդուած համացանցի հասանելիութիւնը։ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը շեշտեց, որ Պաքու միտումնաւոր ձեւով կը կաթուածահարէ կենսական նշանակութեամբ ենթակառուցուածքները։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս շաբաթ արդէն երկրորդ անգամ հեռախօսազրոյց ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023