ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ «ՔՈՆՍԵՓԹ»Ը

Շատ-շատեր գրած են, թէ Ռուբէն Վարդանեան, որ հայկական աշխարհը գրաւած է իր բարեսիրական-մարդասիրական ծրագիրներով, ընդամէնը Ռուսաստանի ծրագիր մըն է. նոր օրերու ծրագիր, որ աւելի յստակ ձեւով ջուրի երես ելաւ այն պահէն ի վեր, երբ Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի պատժամիջոցները սաստկացան։

Օրին, երբ Վարդանեան Արցախ մեկնեցաւ եւ այնտեղ մշտական բնակութիւն հաստատեց, շրջանառուեցան խօսակցութիւններ, ըստ որոնց (ի դէպ ան այդ օրերուն ալ հրաժարած էր Ռուսաստանի հպատակութենէն), Վարդանեան այս «խելօք» քայլը առած էր նպատակ ունենալով կերպով մը իրմէ հեռու պահել արեւմտեան պատժամիջոցներու սեւ շղարշը, որ կրնար ծանր հարուած տալ անոր տնտեսական բարձր մակարդակի գործառնութիւններուն, դրամական պահուստներուն եւ հաշիւներուն։ Այս բոլորը, անշուշտ, միայն բամբասանքի ծիրին մէջ խօսակցութիւններ չէին՝ մանաւանդ, որ Վարդանեանի Արցախ հասնելու փաստը մեծ հաշուով բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կրնար բանալ։

Ինչո՞ւ այս պահուն Վարդանեան այդ քայլը կ՚առնէր, ամէն օրակարգ կը փոխէր, նաեւ չես գիտեր ի՞նչ ներուժով կը ճեղքէր Ղարաբաղի ներքին քաղաքական օճախը, որուն գլխաւոր եւ գուցէ միակ խաղացողը նոյնինքն Արայիկ Յարութիւնեանն էր։ Զարմանալի էր, անշուշտ, որ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի մեծ սխալներուն առջեւ տեղի չտուած Արայիկ Յարութիւնեանը, որ մինչ այդ բացարձակապէս մերժած էր (յար եւ նման Նիկոլ Փաշինեանին) որեւէ նոր ուժի եւ նոր դէմքի տեղ տալ կամ նոյնիսկ գործակցիլ, մէկ շարժումով կարմիր գորգ մը կը բռէր Ռուբէն Վարդանեանի ոտքերուն առջեւ։ Այնուհետեւ Վարդանեան դարձաւ Արցախի պետական նախարար եւ ընթացք տրուեցաւ իր այս փուլի նոր գործունէութեան։ Զարմանալի՞ էր արդեօք Վարդանեանի յայտնուիլը՝ մասնաւորապէս այս փուլին, երբ աշխոյժ գործընթացներ տեղի կ՚ունենան Արցախի շուրջ։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ սկսած է յստականալ, որ այն վարդագոյն երազները, որոնք առագաստի պէս բացուեցան մեր աչքերուն առջեւ, երբ պատերազմը աւարտեցաւ եւ շատ հայեր երազեցին ու սպասեցին, թէ ռուս խաղաղապահներ ո՛չ միայն խաղաղութիւնը կ՚ամրացնեն, այլեւ Արցախը կամաց-կամաց կը միացնեն Ռուսաստանին։ Այո՛, այդ փափաքը շատերուն մօտ կար՝ մանաւանդ, երբ նժարին միւս կողմը կը դրուէր Ատրպէյճանի բանակին ուժն ու Իլհամ Ալիեւի՝ ամէն առիթով հնչող, «Մեր աչքը Ստեփանակերտին վրայ է»ի ոճով յոխորտութիւնները։

Մինչեւ Ուքրայնայի պատերազմին սկիզբը, ճիշդ է, Արցախի սահմանները ունեցան որոշակի հանգիստ, որ կ՚ընդհատուէր ռազմական փոքր միջադէպերով, որոնց հետեւանքով ալ կ՚ըլլային վիրաւորներ, նոյնիսկ զոհեր։ Այդ ամբողջ ընթացքը մենք տեսանք, ապրեցանք, հաշուեցինք, սակայն վստահ էինք, թէ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները «ռուսը այնտեղ է», հետեւաբար ամէն ինչ կ՚ընէ ու պիտի ընէ՝ պահպանելու համար Արցախն ու անոր ժողովուրդը՝ 120 հազար բնակչութեամբ։ Տակաւին եղան խօսակցութիւններ, ըստ որոնց, Ռուսաստան հզօրագոյն զէնքեր բերած է Հայաստան եւ անոնք Արցախ փոխադրուած է՝ պահպանելու համար սահմանի անդորրն ու ապահովելու անվտանգութիւնը։ Այս բոլորը, սակայն, փուճ էին եւ սուտ երազ։

Երազի փուչիկին պայթումը տեղի ունեցաւ 2022 թուականի փետրուարին, երբ Ռուսաստան պատերազմ կը յայտարարէր Ուքրայնայի դէմ։ Ու այդ պահէն սկսեալ արագ գահավիժման ընթացք մը դաշտի վրայ համեմատական անդորրը կազմաքանդեց։ Հիմա որոշակիօրէն այդ փուլն է, որ կ՚ապրինք։ Ուղենշայինօրէն երեւան եկած է այն փաստը, որ Ռուսաստանի կողմէ՝ որպէս խաղաղապահ հայկական հողերուն վրայ դիրք բռնած ուժերը սպառած են։ Սպառած են թէ՛ իբրեւ քաղաքական միաւոր եւ թէ՛ իբրեւ գործնականօրէն արցախցիներու անվտանգութեան երաշխաւոր։ Այս գէշ երազը, որուն մէջ կարեւոր մասնակցութիւն ունին ռուսերը, կրնայ աւելիով երկարիլ եւ նոյնիսկ պատճառ դառնալ, որ Արցախի բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսը լքէ իր պապենական հողը։

Այս բոլորին դիմաց, գուցէ, Ստեփանակերտ կարողանայ տոկոլ եւ պահել որոշ հաւասարակշռութիւն մը, բայց ստեղծուած պատկերը մեզի աւելիով հեռու կը պահէ խնդրի ամբողջական լուծումէն, որուն մասին ալ տարբեր առիթներով դիտարկումներ կատարած է նոյնինքն Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Անոնց համար, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը պատկանի անցեալին եւ այդ որակով դիտարկում մը կը նշանակէ, որ Ռուսաստան եթէ նոյնիսկ կողմնակից չէ, որ Արցախը մտնէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, ապա նաեւ դէմ չէ այդ մօտեցումին։

Այս բոլորէն անդին եւ վերադառնալով Ռուբէն Վարդանեան «քոնսեփթ»ին՝ յստակ է, թէ ան յառաջ կը մղէ ռուսական գիծ մը, որ բաւականին ուշացած եւ նոյնիսկ անօգնական է, բացի եթէ նոյն Վարդանեանը, այս ճգնաժամէն անմիջապէս ետք, չդառնայ Ստեփանակերտ-Պաքու հաւանական խօսակցութեան նոր միջնորդ մը՝ միշտ հաշուի առնելով եւ միշտ վեր հանելով Ռուսաստանի շահերը, որոնց սպասարկումին համար ան ներկայիս կը գտնուի Ստեփանակերտի մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023