ԵՐԵՒԱՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՈՒՄԲԻ ԼՈՒԾԱՐՄԱՆ

Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան շաբաթավերջին յայտնեց, որ Երեւան կը դիտարկէ Մինսքի խումբը լուծարելու հարցով ԵԱՀԿ-ին դիմելու հնարաւորութիւնը։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն հանդէս եկած էր սպառնալից յայտարարութիւններով, որոնցմէ երկու օր վերջ Փաշինեան խաղաղութիւն հաստատելու համար Հայաստանի անունով հրապարակած էր 12 կէտէ բաղկացեալ առաջարկ մը, որու ամենավերջինը Մինսքի խումբի լուծարման կը վերաբերէր։ Այս լուծարումը երկար ժամանակէ ի վեր Ատրպէյճանի յամառ պահանջը դարձած էր։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը պատասխանէին, որ Մինսքի խումբը պէտք է լուծարուի ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն վերջ եւ առանց խաղաղութեան հաստատման այդպիսի քայլ մը ճիշդ չ՚ըլլար։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը միանշանակ եւ աներկբայ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պատրաստ է սա վերահաստատել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ։ Կարեւոր է, որ Ատրպէյճան նոյնպէս միանշանակ ու աներկբայ ճանչնայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը», նշուած է վարչապետի բանբերի շաբաթավերջի յայտարարութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Փաշինեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը. «Ո՛չ պարտադրուածը խաղաղութիւն է, ո՛չ ալ մուրացուածը։ Խաղաղութիւնը կը կառուցեն ու մենք կը կառուցենք խաղաղութիւն»։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2025