ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐ
Լոս Անճելըսի մէջ ծագած լայնածաւալ, համատարած հրդեհները կը շարունակեն միջազգային օրակարգի վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Հայաշխարհն ալ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն՝ հաշուի առնելով, որ սա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահայաբնակ շրջանն է։ Անտառային հրդեհներու հետեւանքով բազմաթիւ բնակարաններ հրոյ ճարակ դարձած են շատ լայն աշխարհագրութեան մը վրայ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով հրապարակուած զոհերու թիւը կը մօտենայ քսանի։
Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) արդէն արագօրէն կ՚արձագանգէ՝ աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման ջանքերուն։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն շաբաթավերջին հաղորդուեցաւ, որ զօրակցութեան քայլեր կ՚առնուին՝ աղիտեալներու ի նպաստ։ Մեծագոյն Լոս Անճելըսէ ներս ողբերգական վիճակ ստեղծած հրդեհներէն վերջ ՀԲԸՄ արդէն 100 հազար ամերիկեան տոլարի ներդրում մը կատարած է։ Այս գումարին կէսը տրամադրուած է Ամերիկեան կարմիր խաչին, իսկ միւս կէսը՝ «Համաշխարհային կեդրոնական խոհանոց» կազմակերպութեան։ ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ սա հայաբնակ շրջանէ մը ներս ծագած մեծագոյն հրդեհն է։ Բազմաթիւ ամերիկահայեր դժբախտաբար ազդուած են հրդեհներէն եւ ՀԲԸՄ-ն ալ շարժման կ՚անցընէ իր միջոցները՝ Լոս Անճելըսի ժողովուրդին եւ հայ ընտանիքներուն զօրակցելու առաջադրութեամբ։
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափի մասնաճիւղը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Իր կարգին, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան յայտնեց, որ այժմ ճիշդ քննութիւն տալու պահն է։ Ստեղծուած է շատ ապակայուն կացութիւն մը։ Ըստ նախագահին՝ ՀԲԸՄ ջանքեր կը գործադրէ՝ համակարգելու համար դաշտի վրայ ձեռնարկուած օգնութեան աշխատանքները։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթութիւն կը ցուցաբերուի հրատապ օժանդակութեան անհրաժեշտութիւն յառաջացուցած պարագաներուն: