ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍԻՆ ՀԱՒԱՔ

Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր իրադրութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ տեւական քննարկումներու առիթ կը դառնայ՝ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնի ստանձնման նախօրեակին։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան մասնակցեցաւ Ռիատի մէջ, Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ Սուրիոյ վերաբերեալ ընդարձակ խորհրդաժողովին։ Այս հաւաքին մասնակցեցան նաեւ ՄԱԿ-ի, Եւրոմիութեան, Արեւմուտքի զանազան երկիրներու եւ արաբական աշխարհի յառաջատար ներկայացուցիչները։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Հասան Շէյպանի։

Հաքան Ֆիտան այս կարեւոր հաւաքի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ժամանակ ահաբեկչութեան վերաբերեալ ապացոյցները ի յայտ բերաւ բացայայտօրէն։ Ֆիտան հաւաքի ներկայացուցիչներուն բացատրեց ԵՓԿ-ի Սուրիոյ նոր ղեկավարութեան հետ նոյնականացման ջանքերը։ Իր խօսքով՝ եթէ այդ ջանքերը անկեղծ են, ապա ԵՓԿ պէտք է անմիջապէս ինքզինքը լուծարէ։ «Թուրքիա ՓՔՔ-ի եւ անոր շառաւիղներու վերաբերեալ զգայնութիւններն ու ակնկալութիւնները բացայայտօրէն ի յայտ կը բերէ։ Պէտք է լքեն երկիրը։ Թուրքիա պատրաստ է աւելի պատասխանատուութիւն ստանձնելու՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի ճամբարներու հակակշռման ուղղութեամբ», ըսաւ նախարարը Ռիատի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2025