ԴԱՏԱԿԱՆ ԲԺԻՇԿ

Կը տեղեկանանք, որ երէկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս Մութաֆեան Պատրիարքի սնարը ունեցած է այցելու մը։ Այսպէս, իր հիւանդասենեակը փութացած է դատական բժիշկ մը, ուղեկցութեամբ փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլի։ Բժշկապետ Արտաշէս Աքտաղի ուղեկցութեամբ դատական բժիշկն ու փաստաբանը կարճ այցելութիւն մը տուած են Մութաֆեան Պատրիարքի հիւանդասենեակը, ուր ունեցած են անհրաժեշտ վկայութիւնները, նաեւ բժշկապետէն ապահոված՝ շարք մը փաստաթուղթեր։ Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, դատական բժիշկի այս այցելութիւնը տեղի ունեցած է՝ Մութաֆեան Պատրիարքին համար խնամատար մը նշանակելու պահանջով բացուած դատի հիման վրայ։ Արդարեւ, մեր համայնքին չորս անհատներու՝ Թադէոս Պէպէքի, Նազար Պինաթլըի, Արթին Մեծատուրի եւ Յարութ Էօզէրի կողմէ միջոց մը առաջ դատական պատկան իշխանութիւններուն մօտ կատարուած է դիմում մը՝ որպէսզի տիրամայր Մարի Մութաֆեան խնամատար նշանակուի Մութաֆեան Պատրիարքին համար։ Այս դատավարութեան ընթացքին դիմումը ներկայացնող անհատներու փաստաբանը եղած է Արէտ Սիլահլը։ Նկատի ունենալով, որ երէկ առաւօտ այս վերջինը ունէր ուրիշ պատասխանատուութիւններ, որպէս փաստաբան դատական բժիշկին ուղեկցած էր Սեպուհ Ասլանկիլ։ Փետրուարի 9-ին տեղի ունեցած դատական նիստին որպէս երրորդ կողմ միջամուխ դարձած է նաեւ Պատրիարքարանը, որու ներկայացուցիչը եղած է փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու։ Կը հաղորդուի, որ դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մարտի 8-ին։ 

Մինչ այդ, դատական նիստէն վերջ համայնքային շրջանակներէն ներս իրերամերժ շշուկներ շրջանառութեան մէջ մտած են տիրամայր Մարի Մութաֆեանի դիրքորոշման շուրջ։ Ծանօթ է, որ ան միջոց մը առաջ իրեն վերագրուած պնդումներուն բերումով հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը, որով հերքած էր, թէ կը փափաքէր նշանակուիլ խնամատար իր պատրիարք որդւոյն համար։ Ըստ նոր պնդումներու, տիրամայր Մարի Մութաֆեան դատավարութեան ընթացքին ունեցած է այդ յայտարարութեան հետ հակադիր ընթացք մը։ Ընդհանրապէս, խնամատարի դատը բացած շրջանակները կը տարածեն այդ պնդումները ու կը շեշտեն, թէ տիրամայրը ներկայիս Պատրիարքարանի ճնշման տակ կը գտնուի՝ իր իսկ խոստովանութեամբ։ Իսկ Պատրիարքարանի անպաշտօն աղբիւրները այս բոլորին կապակցութեամբ աւելի զուսպ տեղեկութիւններով հանդէս կու գան ու կարեւորութեամբ կը մատնանշեն, որ տիրամօր վերագրուած պնդումները անհիմն են եւ իր դիրքորոշումը հեռու է հակասութիւններէ։ 

Յամենայնդէպս, բոլոր կողմերէն մատուցուած  հասարակաց հիմնական տուեալը այն է, որ եթէ նոյնիսկ Մութաֆեան Պատրիարքին համար նշանակուի խնամակալ մը, այդ մէկը կապ պիտի չունենայ իր հոգեւոր իշխանութեան հետ ու պարզապէս իր անձնական իրաւունքներուն կամ նիւթերուն պիտի վերաբերին հաւանական խնամատարին վերապահուելիք իրաւունքները։ 

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016