ԴՌՆՓԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Քաթարի Էմիր Շէյխ Թամիմ Պին Համատ Էլ Սանին։ Եըլտըզի պալատէն ներս «Մապէյն» ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս դռնփակ տեսակցութիւնը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Հանդիպման ներկայ էին Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։ 

Ծանօթ է, որ Սուրիոյ ճգնաժամի եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի պարագային Թուրքիա եւ Քաթար կը գտնուին նոյն ճամբարին մէջ։ 

Միւս կողմէ, Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան խորհրդաժողովին շրջագծով բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալուեցան Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ։ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով ունեցան հանդիպում մը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ աջակցման խումբի հանդիպումը, որու արդիւնքով հրապարակուեցաւ բռնութիւններու դադրեցման վերաբերեալ գոյացած համաձայնութեան մը յայտարարութիւնը։ Ճոն Քերի նշեց, թէ հրադադարի փոխարէն բռնութեան դադրեցման բանաձեւումը նախընտրուած է՝ որպէսզի իրաւական պարտադիր ուժը ըլլայ աւելի սահմանափակ։ Թրքական կողմը համոզուած է, որ Սուրիոյ մէջ արդար խաղաղութեան մը հաստատուիլը կախում ունի Ռուսաստանէն։ Միւնիխի մէջ Սէրկէյ Լաւրով տեսակցեցաւ նաեւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։  

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016