ԿԱՐԵՒՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրին հիման վրայ երէկ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն նշանակուեցաւ Կէորկի Կուտոյեան։ Այժմ արդէն ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն Գորիկ Յակոբեան նշանակուեցաւ Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական։ Բաց աստի, ան պարգեւատրուեցաւ Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի շքանշանով։ Կէորկի Կուտոյեան մինչ այդ կը զբաղեցնէր Հանրապետութեան աւագ դատախազի տեղակալի պաշտօն։ 

Նոր նշանակման հիման վրայ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր ԱԱԾ-ի ղեկավար կազմին ներկայացուց Կէորկի Կուտոյեանը։

 

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016