ՀԱԼԷՊԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ

Շատ ա­րագ զար­գա­ցում­ներ կը գրան­ցուին սու­րիա­կան տագ­նա­պի օ­րագ­րու­թեան մէջ: Այս­պէս,  դար­ձեալ լոյ­սին կը բե­րուի Հա­լէպ քա­ղա­քը: Ե­րեք տա­րի­նե­րէ ի վեր պա­շար­ման տար­բեր ձե­ւա­չա­փե­րուն դի­մա­ցած Հա­լէ­պը այ­սօր մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան ա­մե­նէն ա­ռաջ­նա­կարգ դիր­քը կը գրա­ւէ: 

Չորս ա­միս ա­ռաջ սկիզբ ա­ռած ռու­սա­կան օ­դու­ժին կա­տա­րած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը սկսած են ի­րենց ան­մի­ջա­կան ար­դիւն­քը տալ: Մէկ կող­մէն քիւրտ զի­նեալ­նե­րու եւ միւս կող­մէ լի­բա­նա­նեան եւ ի­րա­նա­կան ջո­կատ­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը սու­րիա­կան բա­նա­կը դրած են նոր հանգ­րուա­նի մը դի­մաց: Անց­նող շա­բաթ ա­մե­նէն կա­րե­ւոր զար­գա­ցու­մը Հա­լէ­պի կեդ­րո­նէն 35 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող «Մըն­նէ­կ» օ­դա­կա­յա­նին քրդա­կան ջո­կատ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ անց­նիլն էր: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ ե­ղած այս օ­դա­կա­յա­նը կը գտնուի կա­րե­ւոր հատ­ման կէ­տի վրայ, այն ի­մաս­տով, որ օ­դա­կա­յա­նին տի­րու­թիւն ը­նո­ղը կը յա­ջո­ղի նաեւ իր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ պա­հել Սու­րիա-Թուր­քիա սահ­մա­նին կա­րե­ւոր շեր­տը: Այս զար­գա­ցում­նե­րը ան­կա­րե­լի կը դառ­նա­յին, ե­թէ չըլ­լար ռու­սա­կան օ­դու­ժին ե­րե­ւե­լի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ ծանր հա­րուած­նե­րը՝ Հա­լէ­պի ամ­բողջ հիւ­սի­սին վրայ: Պէտք է նշել նաեւ, որ ռու­սա­կան ծանր հա­րուած­նե­րուն հե­տեւ­նա­քով մե­ծա­ծա­ւալ սու­րիա­ցի­ներ դար­ձեալ կը բռնեն գա­ղ­­թա­կա­նու­թեան ճամ­բան եւ կը փոր­ձեն մուտք գոր­ծել Թուր­քիա: Եւ­րո­պա­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հա­մար գաղ­թա­կան­նե­րու նոր ա­լի­քի մը ար­տա­հոս­քը լուրջ եւ խոր մտա­հո­գու­թիւն է, ու այդ պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ անց­նող օ­րե­րուն գեր­ման մէ­կէ ա­ւե­լի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ո­րոնց կար­գին Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ, կը փու­թան Ան­գա­րա հաս­նիլ եւ ի­րենց թուրք գոր­ծըն­կեր­նե­րուն բազ­մա­պի­սի ա­ռա­ջար­կու­թիւն­ներ ը­նել միայն, թէ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րը ի­րենց ուղ­ղու­թեան նշա­նա­կէ­տը Եւ­րո­պան չդարձ­նեն: 

Սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րը այ­սօր Եւ­րո­պա­յի հա­մար ժան­տախ­տի հա­մա­զօր վտանգ կը հա­մա­րուին, ու ա­սոր վրայ պէտք է նաեւ գու­մա­րել գաղ­թա­կան­նե­րու ա­նուան շուրջ պտը­տող ա­հա­բե­կի­չի ու­րուա­կա­նը: 

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան գետ­նի վրայ ե­րե­ւե­լի աշ­խու­ժու­թիւն մը կը գրան­ցուի: Մինչ բո­լոր հիմ­նա­կան կող­մե­րը կը պատ­րաս­տուին Միւ­նի­խի մէջ կա­յա­ցուե­լիք անվ­տան­գու­թեան ժո­ղո­վի մը, ան­դին ա­մե­րի­կա­ցի եւ ռուս պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կը շտա­պեն ի­րա­րու պատ­գամ­ներ յղել: Ռուս մէ­կէ ա­ւե­լի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կը խօ­սին Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դար մը ա­պա­հո­վե­լու ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան մա­սին: Նոյն ա­ռու­մով Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պե­տա­կան քար­տու­ղար Ճոն Քե­րին լսե­լէ ետք՝ այս պատ­գամ­նե­րը եւ Հալ­է­պի մէջ ըն­թա­ցող ընդ­դի­մու­թեան տրուե­լիք գրե­թէ մա­հա­ցու հա­րուած­նե­րու վտան­գով կը խօ­սի «Փլան Պէ»ի մը մա­սին: Մինչ ա­մե­րի­կեան գե­տի­նը զբա­ղած է օ­րէ օր թէ­ժա­ցող նա­խա­գա­հա­կան սուր պայ­քա­րով՝ Քե­րի նոր գաղտ­նա­բառ մը գոր­ծա­ծե­լով, իր ռուս պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն նոր ո­րա­կի նա­մակ­ներ կը յղէ: 

Ու­շագ­րաւ է ռու­սա­կան կե­ցուած­քը, ո­րուն հա­մար ըստ ե­րե­ւոյ­թին հար­կա­ւոր չէ Հա­լէ­պի մէջ ջախ­ջա­խիչ յաղ­թա­նակ մը տա­նիլ: Հա­լէ­պը «մաք­րա­գոր­ծե­լ­»ը ա­րաբ­նե­րու բա­ռա­րա­նին մէջ ա­ռա­ջին հեր­թին կը նշա­նա­կէ սիւն­նի աշ­խար­հին պար­տու­թիւ­նը: Ու հա­կա­ռակ առ­կայ ա­մէն տե­սա­կի լա­րուա­ծու­թեան՝ բա­ցո­րոշ է, որ Մոս­կուա հե­տա­մուտ չէ այդ քայ­լին եր­թա­լու: Կա­րե­ւոր է նաեւ հա­շուի առ­նել Քրեմ­լի­նի կող­մէ ե­ղած կան­խա­հաս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր ռուս քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան հնո­ցը կը յայտ­նէր յա­ռա­ջի­կայ Մար­տի կէ­սե­րուն Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սըլ­ման Պըն Ապ­տըլ Ա­զիզ թա­գա­ւո­րին Մոս­կուա տա­լիք եւ Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նին հետ ու­նե­նա­լիք այց-հան­դիպ­ման մա­սին: 

Վե­րա­դառ­նա­լով զի­նուո­րա­կան գե­տին՝ ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, երբ կ­­՚ակ­նար­կէ «Փլան Պէ»ի մը մա­սին, վստա­հօ­րէն նկա­տի ու­նի սիւն­նի աշ­խար­հը զօ­րա­շար­ժի են­թար­կե­լու մա­սին: Այս խօս­քին վա­ւե­րա­կա­նու­թեան հա­մար պէտք է նշել, որ Քե­րի այդ ծրագ­րին մա­սին կը խօ­սէր Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­տէլ Ժու­պայ­րի Ո­ւա­շինկ­թըն տուած այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ: 

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար յատ­կա­պէս այս հանգ­րուա­նին ան­ցեա­լին կը պատ­կա­նին ցա­մա­քա­յին յար­ձա­կում­ներ գոր­ծե­լու ծրա­գիր­նե­րը: Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այ­սօր հե­րոս չի փնտռեր, ոչ ալ պատ­րաստ է նոր տիղ­մի մը մէջ մտնե­լու: Ու­րեմն դրուած գրա­ւը սիւն­նի աշ­խար­հի նոր բա­նակ մը պատ­րաս­տե­լու եւ «գոր­ծու­ղղե­լու» գրաւն է, որ կրնայ ոչ միայն սուղ ար­ժել Ռիա­տին ու ա­նոր դաշ­նա­կից­նե­րու ու­սե­րուն, այլ կրնայ ամ­բողջ Ա­րե­ւել­քը նոր ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րով քաո­սի մը գիր­կը նե­տել: Ար­դեօք պատ­րաստ է՞ սիւն­նի աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար եր­կի­րը նման ար­կա­ծախնդ­րու­թեան մը դի­մել: Այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը ե­րե­ւե­լի պի­տի դառ­նայ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն, բայց եւ այն­պէս կա­րե­ւոր նա­խան­շան պէտք է հա­մա­րել Ռիատ-Մոս­կուա գի­ծը, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ա­ւե­լի բա­նուկ ու թե­րեւս ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ կրնայ դառ­նալ: 

Այս պատ­ճառ­նե­րով է նաեւ, որ Հա­լէ­պի ճա­կա­տա­մար­տը ցան­կա­լի խաղ մը չէ ո՛չ միայն Ռիա­տին ու Ա­րեւմ­ուտ­քին, այլ նաեւ Ռու­սաս­տա­նին հա­մար, ո­րուն տե­սան­կիւ­նէն սիւն­նի­նե­րը պի­տի դառ­նան ա­պա­գայ Սու­րիան միա­սին կեր­տե­լու ի­րա­կան գոր­ծըն­կեր­ներ: 

Հայկ­ա­կան գետ­նի վրայ, մինչ Հա­լէ­պի հայ բնա­կիչ­նե­րը ա­ռանց ա­ղա­ղա­կե­լու ի­րենց խա­չը կրե­լով կը շա­րու­նա­կեն գո­յա­տե­ւել եւ պայ­քա­րիլ, ան­դին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր հա­մա­րուած նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ մը «Սու­րիոյ օգ­նու­թեան ֆոն­տ­»ը (SARF) կը պատ­րաս­տուի դրա­մա­հա­ւա­քի Թե­լեն­թոն մը ի­րա­կա­նաց­նել: 

Մինչ տար­բեր մար­մին­ներ ինչ-ինչ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով դրա­մա­կան աղ­բիւր­ներ կ­­՚ա­պա­հո­վեն, ան­դին Հա­լէպ ապ­րող հայ­րե­նա­կից­նե­րու մեծ տո­կոս մը բա­ւա­կան ե­րե­ւե­լի ու մեծ թի­ւե­րով կը հե­ռա­նայ մաս­նա­ւո­րա­պէս դէ­պի Գա­նա­տա: Գա­նա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի վաղ յայ­տա­րա­րած էր, որ մին­չեւ այս՝ Փետ­րուար ամ­սուան ա­ւար­տը կը պատ­րաս­տուի ըն­դու­նիլ շուրջ հա­զար գաղ­թա­կան­ներ: Գաղտ­նիք չէ, որ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը դրախտ չեն եր­թար, բայց ա­ւե­լորդ է նաեւ զի­րենք այ­պա­նել այս ո­րո­շու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ: Այս ա­ռու­մով նոյն­պէս մտա­հո­գիչ է Հա­լէ­պէն, Դա­մաս­կո­սէն ու այլ շրջան­նե­րէ Ե­րե­ւան հաս­տա­տուած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը, ու այ­սօր քիչ չէ թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք նոյն­պէս ի­րենց հեր­թին կը սպա­սեն, որ­պէս­զի նախ Պէյ­րութ եր­թան ու ա­պա հա­մա­պա­տաս­խան թուղ­թե­րը լրաց­նե­լէ ետք հե­ռա­նան դէ­պի գա­նա­տա­կան ա­փեր: 

Այս ի­րադ­րու­թեան մէջ դի­մադ­րո­ղա­կան կեան­քով ապ­րող հա­լէ­պա­հա­յե­րը կը յու­սան, որ ինչ­պէս անց­նող հանգ­րուան­նե­րուն, այս հանգ­րուա­նին եւս սեւ ամ­պե­րը հե­ռա­նան ի­րենց եր­կին­քէն ու զի­նուո­րա­կան բա­ւա­կան լա­րուած մթնո­լոր­տը փա­րա­տի, իր տե­ղը ձգե­լով քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու յու­սա­տու հանգ­րուա­նի մը:

Պէտք չէ մոռ­նալ, որ հա­յ­­կա­կան Հա­լէ­պը Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի ընդ­հա­նուր ֆո­նին վրայ կա­րե­ւոր եւ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող գա­ղութ մըն է, ո­րուն գո­յա­տե­ւու­մը հա­յու­թեան հա­մար ան­շա­հար­կե­լի հրա­մա­յա­կան է: 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016