Ղարաբաղի մէջ կորուստ մը եւս

Արցախի մէջ նախընթաց օր Ատրպէյճանի կողմէ դիպուկահարի մը բացած կրակին զոհ գնաց խաղաղ քաղաքացի մը՝ Յակոբ Համբարձումեան (1962)։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Մարտունիի շրջանի Վազգէնաշէն գիւղի բնակիչներէն մին էր։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ քաղաքացիական անձի մը թիրախաւորուիլը ահաբեկչական պետութեան յարիր քայլ մըն է։ 

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ Արցախի մէջ ծանօթացաւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտ զօրքերու շփման գծի իրավիճակին։ 

 

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016