ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐԸ
Թուրքիա հետեւողականօրէն ջանքեր կը գործադրէ Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ձեւաւորելու եւ բոլոր գաղթականները այնտեղ վերաբնակեցնելու ուղղութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին վերստին անդրադարձաւ այս խնդրին։ Ան յայտնեց, որ Էլ Պապ քաղաքը ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ազատագրուելու վրայ է։ Յաջորդող շրջանին նպատակադրուած է նաեւ Մենպիչի եւ Ռաքքայի ազատագրումը։ Երէկ, Էրտողան ուղեւորութեան մը ձեռնարկեց դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Ուղեւորութեան մաս կը կազմեն Պահրէյնը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը։ Մեկնելէ առաջ ան Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ ընդգծեց, որ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ հիմնախնդրին շուրջ շրջադարձային իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ «Քաղաքական լուծման գործընթացի զարգացման, արիւնահեղութեան ժամ առաջ դադրեցման համար կը գործադրենք խտացեալ ջանքեր», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա այս ջանքերը յառաջ կը տանի իր բարեկամներուն հետ եւ հաւանաբար մօտաւոր անցեալին դրական արդիւնքներ պիտի ապահովուին։
Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա սեղանի վրայ դրած է ծրագիր մը։ Այսպէս, Սուրիոյ հիւսիսին 4-5 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածութեամբ ահաբեկչութենէ զերծ գօտի մը պիտի ստեղծուի եւ այդ մէկը փակ պիտի ըլլայ թռիչքներու համար։ Տեղացի ժողովուրդը պիտի բնակի այնտեղ եւ անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորուի ազգային բանակի մը կողմէ։ Էրտողան ըսաւ, որ այս անվտանգ գօտիին նպատակն է կանխել գաղթը եւ Թուրքիոյ գաղթականաց ճամբարներու բնակիչները վերադարձնել իրենց երկիրը։ Էրտողան յայտնեց, որ իր այս տեսակէտը բաժնած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ միջազգային համախոհութեան միւս անդամ երկիրներուն հետ։ Հանրապետութեան նախագահին խօսքերով, Էլ Պապի հարցը արդէն լուծուելու վրայ է։ ԻՇԻՊ հասած է Էլ Պապը լքելու կէտին։ Յաջորդող շրջանին դէպի աւելի արեւելք Մենպիչի եւ Ռաքքայի վրայ պիտի կեդրոնացուին աշխատանքները։
Իր կարգին, Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշն ալ շաբաթավերջին յայտարարութիւններ ըրաւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ու մանաւանդ «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքին շուրջ։ Փոխ-վարչապետին խօսքերով, Էլ Պապի ազատագրումով աւարտին պիտի հասնի «Եփրատի վահան» գործողութիւնը։ Ռաքքան արդէն ուրիշ հարց մըն է։
Ուշագրաւ յայտարարութիւններ հնչեցին նաեւ Մոսկուայէն։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Էլ Պապի հարաւին՝ ռազմավարական նշանակութեամբ Թատիֆի շրջանը ձեռք անցուած է Սուրիոյ բանակին կողմէ։ Ըստ ռուսական կողմին, Թուրքիոյ հետ նախապէս համաձայնեցուած՝ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ազատ Սուրիոյ բանակի շփման գիծը արդէն ձեւաւորուած է, այսինքն կողմերը արդէն հասած են իրենց համար նախատեսուած սահմաններուն։
Միւս կողմէ, բովանդակ Թուրքիա խոր յարգանքով հրաժեշտ կու տայ «Եփրատի վահան» գործողութեան շրջագծով Էլ Պապի մէջ վերջին օրերուն նահատակուած զինուորներուն։ Նահատակները հողին կը յանձնուին Տենիզլիի եւ Էրզրումի մէջ։