ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ պետութիւններու փոխադրութեան բնագաւառի լիազօր մարմիններու ղեկավարներու վեցերորդ ժողովը։ Այս հաւաքին մասնակցեցան ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներու համապատասխան նախարարները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժողովի մասնակիցներէն Ռուսաստանի Փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլով յայտարարեց, որ ԵՏՄ-ի շրջանակներէն ներս նպատակաուղղուած աշխատանք կը տարուի տնտեսական համարկման խորացման ուղղութեամբ, ինչ որ նաեւ կ՚անդրադառնայ փոխադրութեան ոլորտի ծառայութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս նպատակաուղղուած աշխատանք կը նախատեսուի փոխադարձ աջակցութեան ուղղութեամբ՝ թեթեւցնելու համար փոխադրական հաղորդակցութեան անյարմարութիւնը նաեւ Հայաստանի պարագային։
Միւս կողմէ, ժողովական նախարարները Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։ Ըստ Կարապետեանի, համաձայնեցուած քաղաքականութեան իրականացումը պէտք է նպաստէ երթուղիներու զարգացման միութենէն ներս, ինչպէս նաեւ ԵՏՄ-ն պէտք է կապէ երրորդ երկիրներու հետ։ «Այս ոլորտէն ներս համատեղ ջանքերը պիտի նպաստեն մեր տնտեսութիւններու մրցակցութեան բարձրացման», ըսաւ Կարէն Կարապետեան։