ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ շաբաթավերջին Պուէնոս Այրէսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան նշանակուեցաւ Էսթերա Մկրտումեան, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի գործուղղուի Արժանթին։
Նորանշանակ դեսպանը 1976 թուականին ծնած է Երեւանի մէջ։ Գիտէ սպաներէն, ռուսերէն եւ անգլերէն։ Նախապէս ալ պաշտօնավարած է Արժանթինի մէջ, Հայաստանի դեսպանութենէն ներս։ Բաց աստի, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս եղած է արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան յառաջատար մասնագէտ։ Խորհրդարանէն ներս պատասխանատուութիւններ ստանձնած է նաեւ Հայաստան-Սպանիա, Հայաստան-Փորթուգալ միջխորհրդարանական համագործակցութեան ուղղութեամբ։ Ունի դուստր մը։ Պարգեւատրուած է «Մխիթար Գօշ» մետայլով։
Յառաջիկայ շրջանին ան պիտի յանձնէ իր հաւատարմագրերը Արժանթինի ղեկավարութեան։
Ինչպէս ծանօթ է, Արժանթինի մէջ կ՚ապրի հոծ թիւով հայութիւն, որ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան ողնայարը կը կազմէ՝ իր շուրջ 300 հազար անդամներով։