«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՁԵՌՆԱՐԿԷ ՆՈՐԱՐԱՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը այս շրջանին սկիզբ կու տայ նոր նախաձեռնութեան մը, որ կը կոչուի՝ «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»։ Սա յատուկ ծրագիր մըն է, որ մշակուած է այն լիբանանահայ երիտասարդներուն համար, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործ ու նորարար ծրագրեր յղանալ եւ իրագործել։

«Նորարար մշակոյթի ծրագիր»ը կը հանդիսանայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Լիբանանի վերաբերեալ ռազմավարական հինգ հիմնասիւներէն մին։ Սա միջոց մըն է, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել պայմաններ՝ արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու եւ մշակութային նորարար փորձառութիւն մը ապրելու։

Այս նպաստին հիմնական նպատակն է խթանել ստեղծագործ մտքերը՝ մշակելու արեւմտահայերէնով յղացուած եւ կիրարկուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան այս առթիւ նշած է հետեւեալը. «Անհրաժեշտ է երիտասարդներուն առիթ տալ, որպէսզի անոնք իրենց ժամանակակից մշակոյթը ստեղծեն հայերէնով, իրենց միտքերն ու զգացումները արտայայտեն եւ իրենց ապրած իրականութիւններուն շուրջ խոկան հայերէնով, հետեւաբար կարենան լեզուն իւրացնել իրենց ստեղծագործ փորձառութիւններու ընդմէջէն։ Այս ծրագիրը լիբանանահայ երիտասարդներուն հնարաւորութիւն կու տայ հայերէնով արտայայտուելու եւ կը միտի իրենց լսելու՝ թելադրելու փոխարէն։ Արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ապահովելու ուղղեալ հիմնարկի առաքելութեան մէջ այս ծրագիրը կենսական դեր կը խաղայ»։

Նորարար մշակոյթի ծրագրին դիմելու համար պէտք է հետեւիլ հետեւեալ կապին. https://gulbenkian.pt/en/grant/creative-culture-program-in-lebanon/

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020