ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Եւրոպական երկիրներէ ներս եւ Եւրոպայի միջազգային կամ տարածքաշրջանային կազմակերպութիւններուն մէջ պաշտօնավարող հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ նախընթաց օր հաւաք մը իրականացուցին Վիեննայի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի գլխաւորութեամբ։ Նախարարութեան կեդրոնական վարչամեքենայէն ալ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մասնակցութիւն բերին այս հաւաքին, որու ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան կարեւորեց այս ձեւաչափով կազմակերպուած հաւաքները ու շեշտեց, որ անոնք դարձած են աւանդական։ Նախարարը համոզուած է, թէ սա արդիւնաւէտ հարթակ մըն է տեղւոյն վրայ Երեւանի արտաքին քաղաքական զարգացումներու, տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակման համար։

Հանդիպման ընթացքին հանգամանալից անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, հայկական դիւանագիտութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։

Քննարկումներու ժամանակ օրակարգի վրայ էր միջազգային ու տարածքաշրջանային կազմակերպութիւններէ ներս Հայաստանի ներգրաւուածութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ գործընկեր երկիրներու հետ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման ուղղեալ քայլերու վերաբերել հարցերու լայն շրջանակ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020