ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Ան ամսավերջին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Ատրպէյճան։ Կը նախատեսուի, որ ուղեւորութիւնը տեղի ունենայ 24-25 փետրուարին։

Էրտողանի այցելութեան օրերուն Պաքուի մէջ պիտի իրականացուի Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական գործընկերութեան խորհուրդի ժողովը։ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի գլխաւորեն բանակցութիւնները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020