ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՎԱՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ ստեղծուած՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբին երկրորդ ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ հեռավար ձեւաչափով։ Առցանց խորհրդակցութեան մասնակցեցան Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ։

Կը հաղորդուի, որ նիստի ընթացքին քննարկուած է համատեղ աշխատանքի ընթացքը։ Սա կը բխի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան 9-րդ կէտէն, որով կը նախատեսուի տարածքաշրջանէ ներս բոլոր տնտեսական եւ փոխադրութեան միջոցներու ապաշրջափակումը։ 11 յունուար 2021 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւնն ալ կը վերահաստատէ այդ բոլորը։

Երէկուան տեսաժողովին ժամանակ համաձայնեցուած է ապագայ աշխատանքի ժամանակացոյցը։

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Ապազեան եւ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատով երէկ Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչին հետ ունեցան հանդիպում մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ վերահսկուած տարածքէն ներս։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան գերիներու վերադարձին, կորսուածներու որոնման վերաբերեալ հարցեր եւ մարդասիրական բնոյթով այլ խնդիրներ։ Քննարկումներու ընթացքին շօշափուած է նաեւ 1990-ականներու պատերազմի ընթացքին կորսուած անձերու ճակատագիրը։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021