ԱՂԷՏԷՆ ՇԱԲԱԹ ՄԸ ԱՆՑ ՀՐԱՇՔԻ ՀԱՄԱԶՕՐ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Թուրքիոյ հարաւի, արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած երկրաշարժին պատճառած ցնցումը կը շարունակուի ամբողջ երկրին մէջ։ Արդէն այսօր շաբաթ մը անցած է երկրաշարժէն ի վեր եւ, դժբախտաբար, զոհերու թիւը կը մօտենայ 30 հազարի սահմանին։ Այս ընթացքին հազարաւոր յետցնցումներ տեղի ունեցած են աղէտի գօտիէն ներս, ուր ամբողջ թափով փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին, նաեւ աղէտեալներուն օժանդակութիւն փութացնելու զօրակոչը։ Հրաշքի համազօր երեւոյթներ կը պատահին աղէտի գօտիէն ներս՝ փլատակներուն տակէն փրկարարներուն կողմէ ողջ դուրս բերուած աղէտեալներու տեսարանները խոր տպաւորութիւն կը գործեն բոլորին վրայ։ ՄԱԿ-ի աղբիւրները մտահոգութիւն յայտնեցին, որ Թուրքիան եւ Սուրիան ցնցած այս երկրաշարժին զոհերու թիւը տակաւին կրնայ բազմապատկուիլ։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, պետութիւնը բազմակողմանի ջանքեր կը գործադրէ աղէտեալներուն հասնելու եւ աղէտի գօտին հնարաւորինս արագ վերականգնելու համար։ Այս մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ ալ Սանին։ Իսթանպուլի մէջ, «Վահտետտին» ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը։ Մինչ այդ, Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասն ալ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ շրջայց մը կատարեց աղէտի գօտիէն ներս։