ԱՊՐԻԼԻՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րու հե­ռա­ձայ­նա­յին տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան դաշ­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­կե­րու­թեան ա­ռանց­քա­յին նիւ­թե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան եւ Փու­թին կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Հա­յաս­տա­նի Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան միա­նա­լուն յա­ջոր­դած հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու հե­տա­գայ զար­գաց­ման շուրջ։ Երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու ծի­րին մէջ Սերժ Սարգ­սեան եւ Վլա­տի­միր Փու­թին յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձան խա­ղաղ ա­թո­մի բնա­գա­ւա­ռին եւ նաւ­թա­կա­զա­յին ո­լոր­տին։ 

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը հա­մա­ձայ­նե­ցու­ցին ի­րենց յա­ռա­ջի­կայ հան­դի­պում­նե­րու ծրագ­րե­րը՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի եւ Հայ­րե­նա­կան մեծ պա­տե­րազ­մի յաղ­թա­նա­կի 70-ա­մեա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցուե­լիք ձեռ­նարկ­նե­րուն հա­մա­տեղ մաս­նակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ 

 

Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած վե­րո­յի­շեալ պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դում­նե­րէն վերջ, Քրէմ­լի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով տե­ղե­կա­ցուց, թէ Վլա­տի­միր Փու­թին Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լէ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ AFP-ի Մոս­կուա­յի գրա­սե­նեա­կի հա­ղոր­դում­նե­րով, Փու­թին իր այս այ­ցե­լու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը քննար­կած է ե­րէկ Սարգ­սեա­նի հետ տե­ղի ու­նե­ցած հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին։ 

Հարկ է նշել, թէ Ռու­սաս­տան մաս կը կազ­մէ այն եր­կիր­նե­րու շար­քին, ո­րոնք 1915-ի դէպ­քե­րը կ՚ո­րա­կեն որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն՝ հա­յոց մօ­տե­ցում­նե­րուն զու­գա­հեռ։  

ԷՕԶ­ՏԷ­ՄԻ­ՐԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Միւս կող­մէ, Սերժ Սարգսեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու հետ։ «Դա­շինք 90/կա­նանչ­ներ» կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ Ճէմ Էօզ­տէ­մի­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Պուն­տես­տա­կի պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ող­ջու­նե­լով՝ Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ, թէ Էօզ­տէ­մի­րի կու­սակ­ցու­թիւ­նը պատ­կա­ռե­լի կշիռ մը ու­նի Գեր­մա­նիոյ մէջ եւ ա­նոր Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թիւ­նը ու­րոյն ներդ­րում մը կ՚ա­պա­հո­վէ հայ-գեր­մա­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րուն եւ միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ ամ­րապընդ-ման գոր­ծին։ Սարգ­սեան դի­տել տուաւ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­նօթ են հայ­կա­կան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ Ճէմ Էօզ­տէ­մի­րի հա­յեացք­նե­րուն ու բարձր կը գնա­հա­տեն այդ ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը դա­տա­պար­տե­լու եւ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճանչ­նա­լու վե­րա­բե­րեալ իր կո­չե­րը՝ ուղ­ղուած Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան։ Սարգ­սեան ող­ջու­նեց նաեւ գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն կող­մէ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը տրուած այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Ան խորհր­դան­շա­կան նկա­տեց, թէ Ճէմ Էօզ­տէ­մի­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թեան Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գա­դի­պած է 100-րդ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ։ 

Ա­ւե­լի վերջ զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Ե­րե­ւա­նի եւ Պեր­լի­նի մի­ջեւ աշ­խոյժ զար­գաց­ման թափ ստա­ցած քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան բարձր մա­կար­դա­կին եւ բազ­մաբ­նոյթ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, որ կը նե­րառ­նէ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին, գի­տակր­թա­կան, ռազ­մա­կան, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ այլ շարք մը ո­լորտ­նե­րը։ Կող­մե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ նշե­ցին, որ շա­րու­նա­կա­բար կ՚ընդ­լայ­նուի երկ­կող­մա­նի ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տը, աշ­խու­ժա­ցած են զա­նա­զան մա­կար­դա­կի փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, նե­րա­ռեալ խորհր­դա­րա­նա­կան ձե­ւա­չա­փը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին նաեւ հայ եւ գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղով­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ 

Ա­ւե­լի վերջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին, զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րով հան­դերձ, ինչ­պէս նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լը։ 

Զրու­ցա­կից­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ քննար­կե­ցին Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ այդ մէ­կը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ Գեր­մա­նիոյ հա­ւա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ 

Տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ եւս ար­ձա­գանգ գտած են Էօզ­տէ­մի­րի Ե­րե­ւա­նի շփում­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին ան կոչ ուղ­ղած է, որ­պէս­զի «Գեր­մա­նիա ճանչ­նայ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»։ 

ՀՌՉԱ­ԿԱԳ­ՐԻ ՅԱՆՁ­ՆՈՒՄ

Բաց աս­տի, ե­րէկ Նիւ Եոր­քի մէջ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նին յանձ­նուե­ցաւ 2015-ի տա­րե­լի­ցին առ­թիւ ըն­դու­նուած հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րը։ ՄԱԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեա­նի կող­մէ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին յանձ­նուե­ցաւ այս փաս­տա­թուղ­թը։  ՄԱԿ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը ող­ջու­նեց դես­պան Մնա­ցա­կա­նեա­նը եւ գնա­հա­տեց Հա­յաս­տա­նի աշ­խոյժ ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծըն­թաց­նե­րուն։ Ան նաեւ գնա­հա­տեց ՄԱԿ-ի գրա­սե­նեա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն ցու­ցա­բե­րուող ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ 

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեան Պան Քի Մու­նին փո­խան­ցեց հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րը՝ թարգ­մա­նուած ՄԱԿ-ի բո­լոր պաշ­տօ­նա­կան լե­զու­նե­րով։ Դես­պա­նը այս առ­թիւ նշեց, թէ հռչա­կա­գի­րը մի­տուած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ հա­մա­մարդ­կա­յին պայ­քա­րի ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման։ 

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու եւ ա­նոնց կար­գա­ւոր­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը վե­րա­հաս­տա­տեց ՄԱԿ-ի շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս եւ ա­նոնց ա­ռա­ջարկ­նե­րուն հի­ման վրայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Իր կար­գին դես­պան Մնա­ցա­կա­նեան ընդգ­ծեց վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղեալ մի­ջոց­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Այս ծի­րին մէջ ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ կանգ ա­ռաւ շփման գի­ծէն դի­պու­կա­հար­նե­րը ետ քա­շե­լու եւ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան մը ստեղծ­ման վե­րա­բե­րեալ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն վրայ։ Մնա­ցա­կա­նեան մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց այն փաս­տին կա­պակ­ցու­թեամբ, թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մեր­ժուած ըլ­լալ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։ Հե­տե­ւա­բար ան ընդգ­ծեց մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ հա­մա­պա­տաս­խան ար­ձա­գան­գին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Այս հա­մա­տես­քին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Յու­նուա­րի 27-ի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ տա­րա­ծուած յայ­տա­րա­րու­թեան եւ ա­նոր մէջ տեղ գտած հաս­ցէա­կան կո­չե­րուն։ 

ԵՒ­ՐՈ­ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԷՆ ԿՈՉ

Հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն ալ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Այս­պէս, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը ըն­դու­նեց զե­կու­ցում մը, ո­րով կոչ կ՚ուղ­ղուի՝ որ­պէս­զի Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ­նե­րը «օ­րի­նա­պէս ճանչ­նան հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ ցեղասպանութիւններու ուրացումը ակնյայտ ոտնձգութիւն մըն է մարդու իրաւանց դէմ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015