ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՆԻՍՏԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­տեա­նի նիստ։ Ժո­ղո­վը գլխա­ւո­րեց Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան ծրագ­րե­րու վար­չու­թեան գի­տակր­թա­կան նա­խա­գի­ծե­րու բաժ­նի հա­շուետուու­թիւ­նը՝ Սփիւռ­քի կրթօ­ճախ­նե­րուն ան­ցեալ տա­րի ու­սում­նա­կան գրա­կա­նու­թեան եւ ու­սում­նաօ­ժան­դակ նիւ­թե­րու տրա­մադր­ման վե­րա­բե­րեալ։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս առ­թիւ նշեց, թէ սոյն ծրա­գի­րը կը ներ­կա­յաց­նէ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն։ Սփիւռ­քի ա­ւե­լի քան 900 հայ­կա­կան կրթօ­ճախ­նե­րուն հա­մար դա­սա­գիր­քե­րու ա­պա­հո­վու­մը կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր մը կը նկա­տուի։ Հե­տե­ւա­բար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան շեշ­տեց, որ բո­լոր դպրոց­նե­րուն պա­հանջ­նե­րը պէտք է նկա­տի առ­նուին ու պէտք չէ ըլ­լայ ո­րե­ւէ դպրոց, ո­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած դի­մու­մը մատ­նուի ա­նու­շադ­րու­թեան։ 

Նոյն ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րու­թեան ելմ­տատն­տե­սա­կան վար­չու­թեան ան­ցեալ տա­րուան հա­շուե­տուու­թիւ­նը ե­կաւ օ­րա­կար­գի վրայ։ 

Ամ­փո­փե­լով ժո­ղո­վը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց ան­ցեալ տա­րի ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ ու կա­րե­ւո­րեց այս տա­րուան ծրագ­րե­րու ան­թե­րի ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քը։ 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015