ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճեյմս Ուորլիք յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս պէտք է հաշուի նստիլ Արցախի ժողովուրդին հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկացի համանախագահը նշեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծին վրայ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած, թէեւ Յունուարի վերջաւորութենէն սկսեալ մթնոլորտը աւելի կայունացած է։ Ատրպէյճանի APA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Ճեյմս Ուորլիք ըսած է հետեւ-եալը. «Մենք կոչ կ՚ուղղենք կողմերուն, որպէսզի պահպանեն հրադադարի դրութիւնը եւ խաղաղ բանակցութիւններուն համար ստեղծուի բարենպաստ մթնոլորտ»։ Ամերիկացի դիւանագէտը աւելցուց, որ նախագահներուն հետ ունեցած նախկին հանդիպումներուն ժամանակ իրենք յորդորած են խուսափիլ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ լարուածութեան մեծացման։
Ճեյմս Ուորլիք պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, որ կը վերաբերէր բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի եւս ներգրաւուելուն առընչութեամբ հայկական կողմի առաջարկներուն։ Ըստ իրեն, բանակցային գործընթացէն ներս հաշուի պէտք է առնել նաեւ Արցախի ժողովուրդին հետաքրքրութիւնները։ Այդ իսկ պատճառով ալ համանախագահները այցելութիւններ կը կատարեն Լեռնային Ղարաբաղ, կը հանդիպին տեղւոյն «գործնական» ղեկավարութեան եւ հասարակութեան այլ անդամներուն հետ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ճեյմս Ուորլիք տեղեկացուց, թէ համանախագահները կը ծրագրեն որեւէ ընդունելի ժամանակահատուածի մը մէջ կազմակերպել հանդիպում մը՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ։ Յամենայնդէպս, Ճեյմս Ուորլիք որեւէ յստակ ժամկէտ չնշեց այս հաւանական տեսակցութեան կապակցութեամբ։