ԼՈՒՐՋ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ներ­կա­յիս յա­ռա­ջա­ցած է լուրջ լա­րուա­ծու­թիւն մը։ Յա­ռա­ջի­կայ հան­րա­քուէին ըն­դա­ռաջ Ան­գա­րա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն յա­ռա­ջա­տար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ նա­խա­տե­սած էին Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն ներս հան­րա­հա­ւաք­ներ կազ­մա­կեր­պել ու հա­մախմ­բուիլ եւ­րո­պաբ­նակ թուր­քե­րու հետ։ Ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ մշա­կած էին նման ծրագ­րեր։ Բայց եւ այն­պէս, մաս­նա­ւո­րա­պէս իշ­խա­նու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րու հան­րա­հա­ւաք­նե­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով ջնջուե­ցան։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Հո­լան­տա­յի եւ Գեր­մա­նիոյ հետ Թուր­քիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այս­պի­սի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նով լա­րուե­ցան ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն։ Նոյն ցու­ցա­կին մէջ կա­րե­լի է թուար­կել նաեւ Դա­նիան, Աւստ­րիան եւ այլն։ Ֆրան­սա­յի մէջ թէեւ թուր­քե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ հան­րա­հա­ւաք մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, սա­կայն այդ երկ­րի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն վե­րա­բեր­մունքն ալ միան­շա­նակ չէ այս խնդրին շուրջ։

Վե­րի­վայ­րում­նե­րը թէ­կուզ միշտ կրնան պա­տա­հիլ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ, սա­կայն Թուր­քիոյ եւ Գեր­մա­նիոյ մի­ջեւ յա­ռա­ջա­ցած ան­հա­ղորդ կա­ցու­թիւ­նը այլ ու­շագ­րաւ ե­րե­սակ մըն ալ կրնայ ու­նե­նալ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Ար­դա­րեւ, Պեր­լի­նի հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մաս­նա­կից կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն՝ Քրիս­տո­նեայ ըն­կե­րա­յին միու­թիւ­նը փա­փաք յայտ­նեց, որ­պէս­զի Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խէն ետ քա­շուին գեր­մա­նա­ցի զի­նուոր­նե­րը։ «Հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի պղտոր կը դառ­նայ, որ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի է մեր զի­նուոր­նե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը բա­ւա­րար չա­փով ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու կամ այդ ուղ­ղու­թեամբ ու­նե­ցած պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։ Թոյլ պի­տի չտրուի, որ­պէս­զի գեր­մա­նա­ցի զի­նուոր­նե­րը պա­տանդ դառ­նան Էր­տո­ղա­նի ու­ժի խա­ղե­րուն», յայտ­նեց կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մին։

Միւս կող­մէ, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի ընդ­լայն­ման յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հան շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղե­կա­ցուց, որ կը դադ­րե­ցուին Թուր­քիոյ հա­մար նա­խա­տե­սուած շարք մը յատ­կա­ցում­նե­րը։

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2017