ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղը վերջերս ոգեկոչման հանդիսութիւն մը կազմակերպեց՝ լիբանանահայ հանգուցեալ յօրինող Պօղոս Ճելալեանի համար։ Լիբանանի Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն համար իր նպաստը բերած էր նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը։ Թէ՛ հայկական եւ թէ Մերձաւոր Արեւելքի երաժշտութեան յատկանշական նպաստ բերած արուեստագէտ մըն էր Պօղոս Ճելալեան, որու հարազատներն ալ ներկայ գտնուեցան ոգեկոչման արարողութեան։ Լիբանանէ ներս «Ֆրանսախօսութեան շաբաթ»ի գործունէութիւններու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիսութիւնը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի տնօրէն Անիթա Լեպիար։
Ձեռնարկի յայտագրի ընթացքին ելոյթներ ունեցան երաժշտագէտներ՝ Էթիէն Քիւփէլեան եւ Ղատի Ռահպանի։ Քիւփէլեան առաւել չափով անդրադարձաւ Ճելալեանի մարդկային նկարագրին, իսկ Ռահպանի մանրամասնութիւններ փոխանցեց անոր հետ ունեցած աշխատանքային փորձառութեան շուրջ։
Ատենախօսները փափաք յայտնեցին, որ Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցը աւելի յաճախակիօրէն տեղ տայ հանգուցեալ Պօղոս Ճելալեանի յօրինումներու կատարումներուն։