ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս շաբաթավերջին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այցելեցին Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցան Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Միջնորդները հիւրընկալելէ անմիջապէս վերջ, Իլհամ Ալիեւ արդէն պաշտօնական այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ եռանախագահներէն մէկուն մայրաքաղաքը՝ Փարիզ, ուր այս օրերուն կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի ղեկավարութեան կողմէ։ Ծանօթ է, որ անցեալ շաբաթ ալ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Ֆրանսա։ Պաքու այցելելէ վերջ, դէպի ամսավերջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները պիտի այցելեն նաեւ Հայաստան եւ Արցախ։ Թէ՛ միջազգային եւ թէ տարածքաշրջանային բոլոր դերակատարները ներկայիս վերստին ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն ղարաբաղեան հիմախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջին օրերուն Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տեսակցութեան ժամանակ շօշափեց նոյն խնդիրը։ Ան համոզուած է, որ Մոսկուա կրնայ առաջնորդել այս հարցին կարգաւորումը։ Մոսկուայի մէջ Էրտողանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները անմիջապէս արձագանգ գտան Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ տեսակէտէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք չէ կարգաւորուի։ Արդարեւ, տարածքաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատումը էապէս պիտի նուազեցնէ Պաքուի կախուածութիւնը Անգարայէն։
Միջնորդներու Պաքու այցելութեան զուգահեռ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտնեց, որ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պէտք է կեանքի կոչուին։ Ըստ իրեն, համանախագահները Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկած են այն գաղափարները, որոնք բանակցային սեղանին վրայ կը գտնուին։ Փոփովի խօսքով, հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ Ատրպէյճան-Լեռնային Ղարաբաղ շփման գծի առկայ իրադրութիւնը։ Ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտ համոզուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս անհրաժեշտ է վերադառնալ բանակցային սեղան՝ ամենաբարձր մակարդակով։ Ըստ իրեն, 2016-ի Ապրիլի քառօրեային առաջին տարելիցը անհրաժեշտ է դիմաւորել ոչ թէ ճակատի վրայ, այլ բանակցային սեղանի շուրջ։ Իր խօսքերով, երեք համանախագահներն ալ վստահ են, թէ հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում։ «Հակառակ որ քսանհինգ տարուան ընթացքին բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չեն տուած, դիւանագիտական գործունէութեան նպատակն է կարգաւորման համար պայմաններ ստեղծել։ Երեք երկիրներու համանախագահներն ու կառավարութիւնները կը շարունակեն ջանքեր գործադրել, քանի որ տակաւին հակամարտ կողմերը քաղաքական կամք չեն դրսեւորած», ըսաւ Հակլընտ։
Իր կարգին, ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթին ալ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացը շարժած է մեռեալ կէտէն։ Ան մատնանշեց, որ Իլհամ Ալիեւ վաղը պիտի տեսակցի Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ։ Վիսքոնթիի խօսքերով, եռանախագահ երեք երկիրները պիտի շարունակեն համատեղ ջանքերը։ «Ի հարկէ, սա բարդ հարց մըն է։ Ինչպէս գիտէք՝ զօրքերու շփման գծին վրայ լարուածութիւն կայ։ Սակայն կողմերը կը փափաքին հասնիլ յառաջընթացի։ Կը կարծեմ, որ սա շատ կարեւոր է», ըսաւ Վիսքոնթի։
Հայաստանի ղեկավարութիւնն ալ շաբաթավերջին շարունակեց փոխանցել իր պատգամները ղարաբաղեան հարցին շուրջ։ «Երբեք թոյլ չենք տար, որպէսզի Արցախի հարցին մէջ մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը ոտնահարուի։ Կը կարծեմ, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի Արցախի հարցին մէջ վստահ է՝ մենք երբեք թոյլ չենք տար, որպէսզի մեր արժանապատուութիւնը ոտնահարուի։ Մեր ամբողջ ազգի ապագան այսօր կ՚որոշուի Արցախի սահմանային գծին ու մենք Արցախի հարցին մէջ շատ վճռական ենք եւ հետեւողական», ըսաւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան։
Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ միջնորդները հիւրընկալելու ընդառաջ շաբաթավերջին պարզեց իր մօտեցումները ներկայ փուլին շուրջ։ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպման ընթացքին Արցախի իշխանութիւնները պիտի շեշտադրեն շփման գծին վրայ դէպքերու հետաքննութեան դրութեան մը հաստատման հարցը։ «Այս փուլին կարգաւորման գործընթացէն ներս դրական տեղաշարժ ակնկալելը ճիշդ չէ, որովհետեւ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ահաբեկչական գործողութիւնները, իր ապակառուցողական քաղաքականութիւնը», ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան։ Միեւնոյն ժամանակ ան շեշտեց, թէ որեւէ բեկում պէտք չէ արձանագրել։ Յառաջիկայ այցը առաւել չափով ճանաչողական բնոյթ պիտի ունենայ։ Արդարեւ, երեք համանախագահներէն երկուքը նոր կոչուած են պաշտօնի։