ԵՐԱՆԵԼԻ ԳԱՀԱԿԱԼ

Թուրքիոյ Հայոց 84-րդ Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանի վախճանումով ծնունդ առած խոր սուգի մթնոլորտը կը շարունակուի համայնքային կեանքէն ներս։ Մեծ պահոց ներկայ նուիրական օրերուն թրքահայութիւնը որդիական երախտագիտութեամբ կ՚անդրադառնայ հոգելոյս Պատրիարք Հօր ծաւալած բազմակողմանի աշխատանքի նշանակութեան ու կը վերարժեւորէ իր առաքելութեան պտուղները Պոլսոյ Աթոռի արդի պատմութեան հարթութեան վրայ։ Արդարեւ, մեր համայնքի ժամանակակից պատմութեան ամբողջին մէջ լուսահոգի Պատրիարք Հօր կողմէ մարմնաւորուած կերպարը իսկապէս եզակի է։ Ան եղած է խորհրդանշան մը՝ նոր սերունդները ազգային-եկեղեցական կեանքին ներգրաւելու ուղղեալ յամառ ջանքերուն տեսակէտէ։ Մեր համայնքի զաւակներու սրտին մէջ ան իր տեղը առած է Պատրիարքական Աթոռի երանելի գահակալներու շարքին։ Այս նոյն զգացումներով ալ յառաջ կը տարուին շաբաթավերջի յուղարկաւորութեան պատրաստութիւնները։ Ընդհանուր զօրակոչի մը տրամադրութիւնը ամէնուրեք զգալի է մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

Մինչ այդ, շաբաթավերջի հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ, երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ դարձեալ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ լուսահոգի Պատրիարք Սրբազանին համար։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի սկիզբին աղօթք վերառաքուեցաւ Բարձրեալն Տիրոջ նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հոգւոյ հանգստութեան համար։

Միւս կողմէ, Գումգաբուի մէջ ալ Նորին Ամենապատուութեան վախճանման զուգահեռ սկսած եռուզեռը կը շարունակուի։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ օրուան տեւողութեան շարունակեցին ընդունիլ ցաւակցական այցելութիւնները։ Այսպէս, Պատրիարքարան փութացողներու շարքին էին Ասորիներու Պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, Ֆաթիհի անվը-տանգութեան տնօրէն Ալփասլան Աթասոյ, Իսթանպուլի նախկին գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ, ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի կազմակերպութեան ղեկավար Ճանան Քաֆթանճըօղլու, երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու եւ այլք։

Այսօր յետմիջօրէին եւ երեկոյեան ժամերուն Պատրիարքարանի մէջ տեղի կ՚ունենան շարք մը ժողովներ։ Գումգաբուի մէջ նախ կը գումարուի Կրօնական ժողով, որուն կը յաջորդէ յուղարկաւորութեան կարգադիր յանձնախումբի խորհրդակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019