ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՏ

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Մտերմիկ մթնոլոտի մը մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որ տեւեց բաւական երկար։

Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն ներս Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Պերճ Սեդրակեան ընդհանուր քննութեան ենթարկեցին Հայաստանի դիմագրաւած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց ապագային վերաբերեալ խնդիրներ եւ մօտեցումներ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019