ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱԼՈՄԷ ԶՈՒՐԱՊԻՇՎԻԼԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ բարձրաստիճան հիւրը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի կողմէ։

Հիւր նախագահի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուին Վրաստանի Արդարադատութեան նախարար Թէա Ցուլուքիանի, Խոր-հըրդարանի փոխ-նախագահ Կէորկի Պոլսքի, խումբ մը երեսփոխաններ, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Լաշա Տարսալիա եւ այլ պաշտօնատարներ։ Սալոմէ Զուրապիշվիլի այս առաւօտ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Հիւր նախագահին ուղեկցեցան Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, յուշահամալիրի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Երեւանի մէջ, նախագահական ապարանքէ ներս Արմէն Սարգսեան պաշտօնական արարողութեամբ կը դիմաւորէ իր վրացի պաշտօնակիցը։ Այս արարողութենէն վերջ երկու նախագահները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին կը գլխաւորեն ընդլայնը-ւած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Արմէն Սարգսեան եւ Սալոմէ Զուրապիշվիլի հանդէս կու գան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Վրաստանի նախագահը հանդիպումներ կ՚ունենայ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Զուրապիշվիլի կը հիւրընկալուի նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019