ԱՌԱՋՆԵԿԸ՝ ՆՈՐՈՎԻ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս փայլուն շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքի առաջին աշխարհաբար փոխադրութեան վերահրատարակութեան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Նարեկ»ը առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեան (Քասիմ)։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժինը Քասիմի կողմէ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը վերահրատարակած էր՝ ի նշանաւորումն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանի։ Ուրեմն, այդ վերահրատարակութեան առթիւ կազմակերպուեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ։ Փառաշուք ձեռնարկը հովանաւորեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որու կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վերջերս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ շնորհանդէսն ալ համընկնեցաւ այդ ուղեւորութեան։

«Առաջնեկը՝ նորովի» կարգախօսով կազմակերպուած հաւաքոյթը իսկապէս շնորհանդէսէ մը շատ աւելին էր՝ թէ՛ յայտագրի ճոխութեան եւ թէ ընդհանուր խորհուրդին տեսակէտէ։ «Նարեկ»ը հոգեւոր գլուխ գործոց մըն է եւ անոր իմաստին ներթափանցելու ուղղեալ իւրաքանչիւր փորձ կը համարուի նոր ոդիսական մը զանազան ուղղութիւններով։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բարեյիշատակ հիմնադիր Քասիմի թողած վիթխարի աւանդի ամբողջութեան մէջ ալ կ՚առանձնանայ «Նարեկ»ի առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրութեան երեւոյթը։ Այս անկրկնելի աղօթագիրք-մատեանի իմաստը, ամբողջ խորքը մատչելի ձեւով ժողովուրդին մատուցելու ուղղեալ Քասիմի նախաձեռնութիւնը վերարժեւորուած է տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ։

Այս բոլորը ընդգծելու տեսակէտէ շատ յատկանշական առիթ մը հանդիսացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսը։ Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը վերահրատարակութեան պատրաստած էր հոգելոյս փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեան՝ քանի մը գործակիցներով։ Դժբախտաբար, այս վերահրատարակութենէն շատ կարճ ժամանակ անց վրայ հասաւ իր մահը։ Ուստի, շնորհանդէսը նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռեց հանգուցեալ Հրաչիկ Միրզոյեանը վերյիշելու եւ իր նուիրեալ աշխատանքով կեանքի կոչուած այս գործին միջոցաւ խոնարհելու իր բարոյական ներկայութեան առջեւ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ Նորին Սրբութեան եւ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Աստուածաշունչի ընկերութեան Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան, Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի տնօրէն  Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան, Հրատարակչական բաժնի եւ Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան եւ այլ միաբաններ, որոնց միացած էին նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերակիցներէն՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Բաց աստի, մասնակցութիւն բերին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն Համլէթ Գասպարեան, երկրի գիտամշակութային հաստատութիւններէն ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներ, հետաքրքիրներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի, որ բացումին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Իրմէ վերջ արտայայտուեցաւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Միսաք Գօչունեանի կողմէ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ի առանձնայատկութիւնները եւ այս վերջին վերահրատարակութեան զանազան ծալքերը։ Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ գեղարուեստական բաժին մը, որու տեւողութեան «Նարեկ»է հատուածներու հիման վրայ կատարումներով հանդէս եկան «Գեղարդ» խումբի մեներգիչներէն Լուիզա Երամեան եւ Անահիտ Պապեան։ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեանն ալ ընթերցեց հատուած մը Քասիմի՝ աշխարհաբարի փոխադրած «Նարեկ»էն։

Հանդիսութեան այս փուլին Վեհափառ Հայրապետը պարտաւորուեցաւ ակամայ անակնկալօրէն հրաժեշտ առնելու դահլիճէն։ Այսպէս, եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ իր ելոյթի աւարտին յանձնեց երկու յուշանուէր։ Այդ յուշանուէրներէն առաջինը պատրաստուած էր Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի համար եւ յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։ Երկրորդ յուշանուէրը պատրաստուած էր Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի համար եւ այդ մէկն ալ յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։

Յուշանուէրներու յանձնումէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ գեղահիւս հուսկ բանք մը։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ, դահլիճի մուտքասրահին շարունակուեցաւ անմիջական զրոյցը ներկաներու միջեւ։

Մինչ այդ, նկատի ունենալով, որ Վեհափառ Հայրապետը ակամայ պարտաւորուեցաւ կանուխ մեկնելու՝ իր օրհնութեան խօսքը ձեռնարկէն վերջ յանձնուեցաւ թերթիս խմբագիր Արա Գօչունեանին։ «Մատեան-ի արեւմտահայերէն ներկայ վերահրատարակութիւնը կը նուիրուի Միսաք Գօչունեանի հիմնադրած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի յոբելեանին՝ իբրեւ արժանի ընծայ արեւմտահայ իրականութեան մէջ կարեւոր աւանդ բերած այս պարբերականին», նշուած է Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրին մէջ։

Շնորհանդէսէն քանի մը օր անց Նորին Սրբութեան կողմէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ կազմակերպուած հրաժեշտի ընթրիքէն վերջ, Վեհարանի մէջ յանձնուեցաւ նաեւ վերջին յուշանուէրը։ Այսպէս, Արա Գօչունեան Վեհափառ Հայրապետին համար պատրաստուած յուշանուէրը որդիական յարգանքով ու խոր երախտագիտութեամբ յանձնեց՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայութեամբ։

Այսօրուան մեր բացառիկ թիւի էջերուն մէջ կարելի է կարդալ շնորհանդէսի ընթացքին խօսուածներու սղագրութիւնները։ 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020