ԱՐՄԱՆ ԹԱԹՈՅԵԱՆ ՄԱԿ-Ի ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԴԻՄԵԼՈՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՑԱՒ

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 46-րդ նստաշրջանին հրապարակուեցաւ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի յատուկ ձեւաչափով տեսաուղերձը։ Նման հնարաւորութիւն կ՚ունենան բացառապէս A միջազգային կարգավիճակով օժտուած մարդու իրաւանց ազգային հաստատութիւնները։ Տեսաուղերձէն առաջ ալ նշեալ խորհուրդին ներկայացուած էր Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանի աւելի ծաւալուն գրաւոր զեկոյցը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, թէ՛ տեսաուղերձին եւ թէ այս զեկոյցին մէջ մատնանշուած են Արցախի վերջին պատերազմի ամիսներուն Ատրպէյճանի զինեալ  ուժերուն կողմէ կատարուած խոշտանգումները, հայ զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն դէմ անոնց կողմէ ցուցաբերուած դաժան վերաբերմունքը։ Բաց աստի, տեսանիւթերուն մէջ օգտագործուած են Ատրպէյճանի պաշտօնական ելոյթներուն ընթացքին հնչած նոյն բառերը՝ այդ խոշտանգումները կատարած զինուորականներուն կողմէ։ Արման Թաթոյեան բացատրեց, որ հայերու դէմ ազգային պատկանելիութեան շարժառիթներով յանցագործութիւնները կը խրախուսուին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ այս բանը հաստատուած է Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի վճիռներով։

Արման Թաթոյեան շեշտած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արհեստականօրէն կը ձգձգեն գերիներու ազատ արձակումն ու վերադարձը՝ հակառակ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացարձակ պահանջներուն։ Այս խնդիրը հոգեկան տառապանք կը պատճառէ անոնց ընտանիքներուն եւ խոր ցաւ կ՚առթէ Հայաստանի հասարակութեան։

Այս մասնաւոր նիստը ձօնուած էր ՄԱԿ-ի խոշտանգումներու հարցով յատուկ զեկուցողի հետ քննարկման։

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՔԱՅԼ

Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութիւնը երկրի մարդու իրաւանց պաշտպանի գրասենեակի պարագային զարմանալի քայլ մը առաւ։ Այսպէս, Արման Թաթոյեանի գրասենեակի պիւտճէն կրճատելու ուղղութեամբ որոշում մը ընդունուեցաւ։ Ժողովրդավարութեան առաքեալի հովերով գործող իշխանութիւնները մարդու իրաւանց պաշտպանի գործունէութեան պարագային սահմանափակումներ մտցնելու ակնյայտ ձգտումի մէջ են։

Արման Թաթոյեանի գրասենեակին յատկացուելիք ելմտական միջոցներու կրճատումը տնօրինուած է շատ ուշագրաւ իրավիճակի մը մէջ։ Արդարեւ, յետպատերազմեան ծանր պայմաններու ներքեւ Հայաստանի կառավարութիւնը անգործութեան մատնուած է բոլոր առումներով։ Որպէս հետեւանք՝ լրջօրէն կը տուժեն սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները, նաեւ ոտնձգութիւններ կը կատարուին երկրի սահմաններուն դէմ։ Մարդու իրաւանց պաշտպանը ամիսներէ ի վեր կը հանդիսանայ այն միակ պաշտօնատար անձնաւորութիւնը, որ հնարաւոր բոլոր հարթակներու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ այս բոլորին դէմ։

Շաբաթ, Մարտ 13, 2021