ՎԵՐԱՀԱՍ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Հայաստանի առկայ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդէս եկաւ հերթական խորհրդածութիւնով։ Ինչպէս ծանօթ է, ան վերջին օրերուն իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ՝ թէժ իրավիճակով պայմանաւորուած։ Երէկ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան գնահատանք յայտնեց՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ յառաջ տարուած փոխադարձ զիջումներու որոնումներուն համար։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան յայտնեց, որ առաջին նախագահը կը գնահատէ ներկայ նախագահին կողմէ քաղաքական ճգնաժամէն դուրս գալու նպատակով փոխադարձ զիջումներու որոնման հարթակի տրամադրումը։ Տէր-Պետրոսեան նաեւ ողջունելի նկատած է խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան սկզբունքային դիրքորոշումն ու հետեւողական քայլերը՝ տագնապը բացառապէս փոխադարձ զիջումներու հիման վրայ լուծելու ուղղութեամբ։

Միեւնոյն ժամանակ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը յուսայ, թէ ողջախոհութիւնը ի վերջոյ կը յաղթէ եւ Հայաստանը կը խուսափի անդունդ գլորուելու վերահաս սպառնալիքէն։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆ

Միւս կողմէ, «Լուսաւոր Հայաստան»ի պատգամաւորներէն Էտմոն Մարուքեան երէկ յայտնեց, որ երկրի ներկայ իշխանութիւնը մեկուսացած է, բայց անզիջում է։ Երեսփոխանի կանխատեսումով, Նիկոլ Փաշինեան չի կրնար վերընտ-րըւիլ՝ նոյնիսկ իր կազմակերպելիք ընտրութիւններու արդիւնքով։

Շաբաթ, Մարտ 13, 2021