ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Վա­տի­կա­նի մէջ ե­րէկ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբազան Քա­հա­նա­յա­պե­տին կող­մէ մա­-տուցուած Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ Թուր­քիա հան­դէս ե­կաւ բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեամբ։ Սրբա­զան Պա­պը ա­րա­րո­ղու­թեան սկիզ­բին խօ­սած քա­րո­զին մէջ յայտ­նեց, թէ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է»։ Բաց աս­տի, ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կուած ժո­ղո­վուրդ­ներն ու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը յի­շե­լու ժա­մա­նակ ան ա­ռան­ձին մատ­նան­շում մը կա­տա­րեց հա­յոց պա­րա­գա­յին։ Այս հան­գա­մանք­նե­րուն մեծ բո­ղո­քով ար­ձա­գան­գեց Ան­գա­րան, որ Վա­տի­կա­նի ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ւար­տին ան­մի­ջա­պէս սկսաւ ար­տա­յայ­տել իր ան­հանգս­տու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

Պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ հնչած հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր, թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­ներն ալ լայ­նօ­րէն ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան Վա­տի­կա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Հե­ռուս­տա­կա­յան­ներն ու է­լէկտ­րո­նիք լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը ե­րէկ իսկ սկսած էին խօ­սիլ այս մա­սին, մինչ այ­սօր ալ երկ­րի յա­ռա­ջա­տար բո­լոր թեր­թե­րը կը շա­րու­նա­կեն հե­տաքրք­րու­թիւ­նը։ Մի­ջազ­գա­յին լրաս­փիւռ­նե­րը եւս լայ­նօ­րէն ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան Վա­տի­կա­նի Ս. Պա­տա­րա­գին։ «Պի.Պի.Սի.» ե­րէկ հա­ղոր­դեց, թէ Սրբա­զան Պա­պին ուղ­ղա­խօ­սու­թիւ­նը դժգո­հու­թիւն եւ վրդով­մունք պի­տի յա­ռա­ջաց­նէ Թուր­քիոյ մօտ։

Սոյն ան­հանգս­տու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար Ան­գա­րա կան­չուե­ցաւ Վա­տի­կա­նի մօտ Թուր­քիոյ դես­պան Մեհ­մէտ Փա­չա­ճըն։ Իսկ Ան­գա­րա­յի մօտ Վա­տի­կա­նի դես­պան Ան­թո­նիօ Լու­չի­պել­լօ հրա­ւի­րուե­ցաւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն։ Թրքա­կան կող­մը այս առ­թիւ վերջ­նա­գիր մը տուաւ Վա­տի­կա­նին։ Դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան փոխ-խորհր­դա­տու Լե­ւենտ Մու­րատ Պուր­հան յայտ­նեց, որ Սուրբ Ա­թո­ռէն հնչած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը մեծ ցաւ եւ յու­սա­խա­բու­թիւն պատ­ճա­ռած են Թուր­քիոյ։ Նոյն տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Պուր­հան նշեց, թէ Թուր­քիա պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րէն հե­ռու, միա­կող­մա­նի կ՚ըն­կա­լէ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։ Ան­գա­րա հա­մո­զուած է, թէ Սրբա­զան Պա­պը ցա­ւե­րու մի­ջեւ նուի­րա­պե­տու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ եւ ընտ­րո­վի մօ­տե­ցու­մով կը խօ­սի միայն քրիս­տո­նեայ հա­յե­րու ցա­ւե­րուն մա­սին։ Թրքա­կան կող­մը ի­մաստ մը չէ կրցած տալ այն հան­գա­ման­քին, թէ բնաւ խօսք չէ ե­ղած մահ­մե­տա­կան­նե­րու եւ այլ հա­ւա­տի խում­բե­րէն մա­հա­ցող­նե­րուն մա­սին։ Թրքա­կան կող­մին զար­մանք պատ­ճա­ռած է նաեւ այն հան­գա­ման­քը, թէ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պը «զան­գուա­ծա­յին բնաջն­ջում» կո­չած է Ռուան­տա­յի եւ Պոս­նա­յի մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րը, ո­րոնց պա­րա­գա­յին մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րան­նե­րու կող­մէ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» ո­րա­կու­մը տրուած է։ Ա­սոր փո­խա­րէն, Սրբա­զան Պա­պը «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» ո­րա­կած է 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը, ո­րոնք ո­րե­ւէ մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նի կող­մէ չեն ո­րա­կուած որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Թրքա­կան կող­մը այս զար­ման­քը ընդգ­ծե­լու ա­ռըն­թեր, ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին շեշ­տած է, որ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի ե­լոյ­թի ամ­բող­ջին մէջ նոյ­նիսկ ակն­յայտ ակ­նար­կու­թիւն մը չէ կա­տա­րուած մարդ­կու­թեան մե­ծա­գոյն ա­մօ­թին՝ Հո­լո­քոս­տին, ո­րու մա­սին ան խօ­սած է «Նա­ցի­նե­րու ը­րած­նե­րը» բա­նա­ձե­ւու­մը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը մատ­նան­շեց նաեւ, որ միայն հա­յոց պնդում­նե­րը այս ձե­ւով ար­տա­յայ­տելն ու նոյն շրջա­նին Ա­նա­տո­լուի մէջ մա­հա­ցած­նե­րուն ո­րե­ւէ ձե­ւով չակ­նար­կե­լը ան­յա­րիր է կրօ­նա­կա­նի մը պա­րա­գա­յին։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Ան­գա­րա յի­շե­ցուց, որ ան­ցեալ Նո­յեմ­բե­րին Թուր­քիա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Սրբա­զան Պա­պը տուած էր խա­ղա­ղու­թեան, հա­մա­ձայ­նու­թեան եւ երկ­խօ­սու­թեան պատ­գամ­ներ, իսկ իր ե­րէ­կուան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը խո­տոր կը հա­մե­մա­տին ա­նոնց։ Վա­տի­կա­նի առ­կայ դիր­քո­րո­շու­մը Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է վստա­հու­թեան պա­կաս եւ Թուր­քիա ան­պայ­ման պի­տի փո­խա­դար­ձէ այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Նա­խա­րա­րու­թեան մօ­տե­ցու­մով, թէ՛ Սրբա­զան Պա­պին եւ թէ հայ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ե­րէ­կուան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը չեն հա­մընկ­նիր պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն։ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բնո­րո­շուի­լը յատ­կան­շա­կան նկա­տուած է Թուր­քիոյ կող­մէ ու Ան­գա­րա ար­դա­րու­թեան եւ խղճի հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռու­մով ան­բա­ցատ­րե­լի կը նկա­տէ սոյն հա­կա­սու­թիւ­նը։

Իր կար­գին, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ յայտ­նեց, թէ Սրբա­զան Պա­պին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը հե­ռու են պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րէն ու ա­նըն­դու­նե­լի։ Նա­խա­րա­րին հա­մոզ­մամբ, կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը պէտք չէ քի­նախնդ­րու­թիւն հրահ­րեն ան­հիմն մե­ղադ­րանք­նե­րով։

Վա­տի­կա­նի դէմ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուաւ նաեւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, ո­րու հա­մոզ­մամբ՝ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն ակն­կա­լուա­ծը խա­ղա­ղու­թեան կո­չի ուղ­ղուիլն է։ Վար­չա­պե­տը Քա­հա­նա­յա­պե­տին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը սխալ եւ ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ նկա­տեց։

«Ե­թէ ար­տա­քին գոր­ծօն­նե­րը չըլ­լա­յին, հա­ւա­նա­բար 1915 թուա­կա­նին պա­տա­հած ցա­ւա­լի դէպ­քե­րը ապ­րուած պի­տի չըլ­լա­յին։ Այդ ցա­ւե­րու միա­կող­մա­նի ըն­կա­լու­մը, մարդ ա­րա­րա­ծի միայն մէկ մա­սի ցա­ւե­րուն տէր կանգ­նե­լով մնա­ցեալ­նե­րուն ցա­ւե­րը ան­տե­սե­լը չէ վա­յե­լած Սրբա­զան Պա­պին եւ իր Ա­թո­ռին», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ Սրբա­զան Պա­պը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տե­ղի տուած է ցե­ղա­պաշ­տու­թեան, որ վե­րելք կ՚ար­ձա­նագ­րէ Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Ըստ ի­րեն, կրօ­նա­կան ղե­կա­վար­նե­րը պէտք է հե­ռու մնան Եւ­րո­պա­յէ ներս գե­րակ­շիռ իս­լա­մա­տեաց տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րէն։ Տա­վու­տօղ­լուի խօս­քե­րով, Սրբա­զան Պա­պը մահ­մե­տա­կան­ներն ու թուր­քե­րը մե­ղադ­րած է հա­ւա­քա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նով մը, ինչ որ ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ է, տխուր եւ իր ժամ­կէ­տին ա­ռու­մով շատ դժբախտ։ Վար­չա­պե­տը ա­ւել­ցուց նաեւ, որ ե­թէ պատ­մա­կան վէ­ճե­րը վե­րա­բա­ցուին, ա­պա հա­ւա­նա­բար այդ բո­լո­րէն ձե­ւով մը ա­մե­նա­մեծ ա­մօ­թը զգա­լիք տար­րե­րը պի­տի ըլ­լան եւ­րո­պա­յին­նե­րը։ Ան այս խօս­քե­րը ար­տա­սա­նեց յի­շեց­նե­լով Հա­ւա­տաքն­նու­թեան դա­տա­րան­նե­րը։

Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Էօ­մէր Չե­լիքն ալ միա­ցաւ Վա­տի­կա­նի դէմ բարձ­րա­ցուած բո­ղո­քի ձայ­նե­րուն։ Ան ը­սաւ, թէ Սրբա­զան Պա­պին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ու­նի քա­ղա­քա­կան բնոյթ եւ պի­տի չնպաս­տէ երկ­խօ­սու­թեան։

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2015