ՀՈԳԵՒՈՐ ՍԽՐԱՆՔԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ

Վա­տի­կա­նի մէջ ե­րէկ ապրուե­ցան շարք մը ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք հայ­կա­կան հար­ցին տե­սա­կէ­տէ կը բնո­րո­շեն նոր հար­թու­թիւն մը, ե­թէ ոչ ճամ­բա­բա­ժան մը։ 2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ հա­յոց բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը եր­կիւ­ղած յար­գան­քի ա­ռար­կայ կը դառ­նայ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս հան­գա­ման­քը ե­րէկ վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն մը ու­նե­ցաւ Վա­տի­կա­նի մէջ։ Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րին մէջ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին կող­մէ ե­րէկ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գը դար­ձաւ պատ­մա­կան։ Սա միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նոր հար­թու­թեան մը վրայ կու գայ դնել Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Եե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նին մէջ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը մատ­նան­շեց, որ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն էր»։ 1915 թուա­կա­նէն հա­րիւր տա­րի անց, զո­հե­րու ո­գե­կոչ­ման հա­մար մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին ըն­թաց­քին Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին հռչա­կեց «Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ», Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ սահ­մա­նու­մով։

Ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան շատ խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Օ­րուան Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ հա­յե­րէ­նով, հնչե­ցին նաեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­պա­րար շա­րա­կան­նե­րը, ո­րոնք խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծե­ցին Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րին մէջ գտնուող հա­զա­րա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն վրայ։

Վա­տի­կա­նի Ս. Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնուե­ցան Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սէն բա­զում ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ աշ­խար­հաս­փիւռ թե­մե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պատուի­րա­կու­թիւն մըն ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիարքն ալ ներ­կայ էր բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, Մխի­թա­րեան Միա­բա­նու­թեան Ընդ­հա­նուր Աբ­բա­հայր Հ. Ե­ղիա Ծ. Վրդ. Քի­լաղ­պեա­նով հան­դերձ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի կեն­սագ­րու­թիւ­նը ի­տա­լե­րէ­նով ըն­թեր­ցուե­ցաւ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նի կող­մէ։

Սրբա­զան Պա­պի խօ­սած քա­րո­զին ա­ռըն­թեր, ա­րա­րո­ղու­թեան եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսն ու Հայ Կա­թո­ղի­կէից Պատ­րիար­քը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այս առ­թիւ ը­սաւ. «Ազ­գի նա­հա­տա­կու­թեան հո­գե­ւոր սխրան­քի ամ­բողջ մե­ծու­թիւ­նը այ­սօր կը պատ­կե­րուի մեր առ­ջեւ, ինչ որ դրսե­ւո­րեց մեր ժո­ղո­վուր­դը՝ կրկին հռչա­կե­լով տա­կա­ւին 5-րդ դա­րուն սահ­մա­նուած իր ինք­նու­թեան բա­նա­ձե­ւը, թէ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ու­նինք ոչ իբ­րեւ հան­դերձ, այլ իբ­րեւ մաշ­կի գոյն»։ Իր ե­լոյ­թէն վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րի խո­րա­նին վրայ եղ­բայ­րա­բար ող­ջա­գու­րուե­ցաւ Սրբա­զան Պա­պին հետ, նոյն­պէս նաեւ իր­մէ վերջ ար­տա­յայ­տուած Կի­լի­կիան Ա­թո­ռի գա­հա­կալն ու Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Պատ­րիար­քը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Սրբազան Պապը, Վեհափառ Հայրապետը, Արամ Ա. Կաթողիկոս, հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցան Ս. Պետ-րոսի տաճարէն դուրս եւ Վատիկանի համանուն հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութեան փոխանցեցին իրենց օրհնութիւնը։

​ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նա­խագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Վատի­կանի մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի ա­ռան­ձին տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ անմիջական առանձնազրոյց մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Սերժ Սարգսեան Նորին Սրբութեան յայտնեց իր երախտագիտութիւնը՝ մատուցուած Ս. Պատարագին համար։

Սարգսեան երէկուան Ս. Պատարագին հետեւեցաւ, գլխաւորելով բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ էին Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Միեւնոյն ժամանակ Սերժ Սարգսեան աւարտեց դէպի Իտալիա ձեռնարկած պաշտօնական այցելութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2015