«Բագին»ը Կը Մտնէ Փոխանցման Թարմ Շրջան
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը այսու կը ծանուցէ, թէ 1962-ին ծնունդ առած «Բագին»ը այս տարի կը թեւակոխէ նոր հանգրուան մը։
54 տարիներէ ի վեր, Սփիւռքի մտաւորական ընտրանին «Բագին»ի մէջ գտած է ստեղծագործական եւ բանասիրական երկակի հարթակ մը, որուն վրայ վաւերական անուններու կողքին երեւցած ու կազմաւորուած են անոնց յաջորդող սերունդները։ Կարօ Սասունիով, Եդուարդ Պոյաճեանով ու Պօղոս Սնապեանով ձեւաւորուած «Բագին»ը այսօր կը հանդիսանայ գրականութեան եւ արուեստի նուիրուած՝ Սփիւռքի ամենէն երկարակեաց եւ յարգելի հանդէսը։
2003-ին վերոյիշեալ անուններուն յաջորդող խմբագիրը, Յակոբ Պալեան, տասներկու տարիներ իր մտասեւեռման առարկայ դարձուց «Բագին»ը, ապահովելով անոր անխափան հրատարակութիւնը, եւ այդ ճամբով գուրգուրալով արեւմտահայ գրական մթնոլորտի պահպանման վրայ։ Միաժամանակ, ան «Բագին»ին բերաւ դեռահաս աշխատակիցներ, որոնք կը շարունակեն բոլորուիլ «Բագին»ին շուրջ այսօր։ 2015-ի աւարտին, իր տարիքի բերմամբ, Յակոբ Պալեան «Բագին»ի խմբագրի պաշտօնէն կամովին դադրելու խնդրանք ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, որ ընթացք տուաւ ընկերոջ փափաքին։ Այսու մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Յակոբ Պալեանին, իր պաշտօնավարութեան ընթացքին իր դերակատարութեան եւ «Բագին»ին մատուցած ներդրման համար։
Արդարեւ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցէ, թէ 1 Յունուար 2016-էն սկսեալ, «Բագին»ի խմբագիր նշանակած է Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանը, իսկ փոխ-խմբագիր Նորա Բարսեղեանը: Անոնց կողքին պիտի գործէ Խմբագրական Խորհուրդ մը, հետեւեալ կազմով. Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Վարդան Մատթէոսեան, Արքմենիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան։
Նոր շրջանի «Բագին»ի անդրանիկ թիւը, որ պիտի ըլլայ միացեալ՝ լոյս պիտի տեսնէ Յուլիս 2016-ին։ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը վստահ է, որ «Բագին»ի նորանշանակ խմբագիրը, փոխ-խմբագիրն ու Խմբագրական Խորհուրդը պիտի շարունակեն ամրագրել զիրենք նախորդողներուն աւանդը, միաժամանակ սատարելով արեւմտահայերէնի պահպանման, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ ծաւալող ստեղծագործական ու իմաստասիրական ճիգին դէպի «Բագին» ուղղորդման եւ իմացական խօսքի հնչեղութեան։
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Պէյրութ, 11 Ապրիլ 2016