«ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՕՐԵՐ…»

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսան «Նո­պէ­լեան օ­րե­ր­»ը։ Այս ծրագ­րին կը մաս­նակ­ցին մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր գիտ­նա­կան­ներ։ Ե­րե­ւա­նի «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս գի­տա­կան ձեռ­նար­կը, որ կը ստեղ­ծէ լայն ար­ձա­գանգ։

Ե­րե­ւեա­նի «Նո­պէ­լեան օ­րեր»ուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն բժշկու­թեան եւ յա­րա­կից ո­լորտ­նե­րէն ներս զար­գաց­ման նպաստ բե­րած աշ­խար­հահռ­չակ հինգ մաս­նա­գէտ­ներ՝ Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր, Ա­տա Եո­նա­թի, Տէն Շեխթ­ման, Ճոն Ռո­պին Ո­ւո­րե­նի եւ Էյ-Ի­չի Նե­կի­շի։ Այս ա­նուն­նե­րուն բո­լորն ալ ար­ժա­նա­ցած են Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի։ Գի­տա­կան աս­պա­րէ­զէ ներս ա­մե­նա­բարձր պար­գե­ւին ար­ժա­նա­ցած այս գիտ­նա­կան­նե­րը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցան կլոր սե­ղա­նի ձե­ւա­չա­փով կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին։ «Կա­րէն Տե­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ հոծ բազ­մու­թիւն մը։

Բաց աս­տի, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած աշ­խար­հահռ­չակ հինգ գիտ­նա­կան­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան երկ­րէն ներս գի­տու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս բժշկու­թեան ու յա­րա­կից բնա­գա­ւառ­նե­րու շուրջ զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Հարկ է նշել, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ «Նո­պէ­լեան օ­րեր»ը կազ­մա­կեր­պուած է «Ո­գեշն­չուէ եւ ստեղ­ծէ» կար­գա­խօ­սով։ Նո­պէ­լեան հինգ մրցա­նա­կա­կիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­զա­կի շա­բաթ մը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ ինն նո­պէ­լեան զե­կոյց­նե­րու ներ­կա­յաց­մամբ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016