ԱԼԻՆ ԹԱՇՃԵԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԱԾ FIBRESCI-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ շար­ժան­կա­րի յայտ­նի մեկ­նա­բան Ա­լին Թաշ­ճեան վե­րընտ­րուած է Հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­պա­ւէ­նի քննա­դատ­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թեան (FIBRESCI) ընդ­հա­նուր նա­խա­գահ։

Ի­տա­լիոյ Պա­րի քա­ղա­քին մէջ վեր­ջերս գու­մա­րուե­ցաւ վե­րո­յի­շեալ կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րուած քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քին Ա­լին Թաշ­ճեան վե­րընտ­րուե­ցաւ ընդ­հա­նուր նա­խա­գահ։ Ան­ցեալ շրջա­նի իր ընտ­րու­թիւ­նով ա­ռա­ջին ան­գամ այդ պաշ­տօ­նը ստանձ­նած էր ի­գա­կան սե­ռէ գոր­ծիչ մը։ Նոյն­պէս ա­ռա­ջին ան­գամ այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը գլխա­ւո­րուած էր Թուր­քիա­յէն գրո­ղի մը կող­մէ եւս ա­ռա­ւել՝ հա­յու մը կող­մէ։ Պա­րիի մէջ գու­մա­րուած ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նաեւ ու­րիշ նո­րու­թեան մը։ Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ջին ան­գամ փոխ-ընդ­հա­նուր նա­խա­գահ ընտ­րուե­ցան դար­ձեալ ի­գա­կան սե­ռէ եր­կու ա­նուն­ներ՝ Ի­զա­պէլ Տա­նէլ (Ֆրան­սա) եւ Պար­պա­րա Հո­լան­տէր (Լե­հաս­տան)։

Ծա­նօթ է, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Ա­լին Թաշ­ճեան գլխա­ւո­րած էր նաեւ Թուր­քիոյ Շար­ժան­կա­րի գրող­նե­րու միու­թիւ­նը։ Ան եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ այս բնա­գա­ւա­ռին մէջ եւ կը դա­սուի կա­րե­ւոր հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րու շար­քին։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016