ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ՍԵԼՄԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ Պե­տա­կան շքան­շան շնոր­հեց Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման թա­գա­ւո­րին, որ իր հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Թուր­քիա։ Պէշ­թէ­փէի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան մը ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան շքան­շա­նը շնոր­հեց հիւր թա­գա­ւո­րին։ Այս առ­թիւ ան ը­սաւ, թէ թա­գա­ւո­րի ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ Թուր­քիոյ եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի կը խո­րա­նայ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է տա­րած­քաշր­ջա­նին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շեշ­տեց, թէ շքան­շա­նը ե­զա­կի խորհր­դան­շան մըն է եր­կու եր­կիր­նե­րու վա­ղե­մի բա­րե­կա­մու­թեան ու եղ­բայ­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Բաց աս­տի, այս հան­դի­սու­թե­նէն վերջ Էր­տո­ղան կէ­սօ­րին պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մը սար­քեց ի պա­տիւ հիւր թա­գա­ւո­րին։ Նա­խա­գա­հը եւ թա­գա­ւո­րը ա­ւե­լի վերջ ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, ո­րու ա­ւար­տին գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ նիւ­թեր, ինչ­պէս նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին բնոյ­թով հար­ցեր։ Կող­մե­րը կանգ ա­ռին ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դէմ քայ­լե­րուն, Սու­րիա­յէ ներս Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ խրա­խու­սուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, գաղ­թա­կա­նաց ճգնա­ժա­մին, մահ­մե­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու դէմ յար­ձա­կում­նե­րուն եւ ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու վրայ։

ԺԸ­ՆԵ­ՒԻ ՄԷՋ ԺՈ­ՂՈՎ

Միւս կող­մէ, Ժը­նե­ւի մէջ այ­սօր կը սկսի Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն եր­րորդ հանգ­րուա­նը։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց Սու­րիա­յէ ներս վերս­տին մագլ­ցած բռնու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016