ԼՈՒՐՋ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ հաստատուած փխրուն հրադադարի մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ կը շարունակուին խախտումները։ Թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին երկայնքով կրակ կը բանան ազէրի զօրքերը։ Կրակահերթերուն հետեւանքով երէկ ալ հայկական կողմը ունեցաւ վիրաւորեալներ։
Այս իրավիճակին մէջ երէկ երեկոյեան Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց, գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Երեւանի նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ նիստը։ Քննարկուեցան Ատրպէյճանի կողմէ 1994 թուականի հրադադարի համաձայնագրի կոպիտ խախտման, Լեռնային Ղարաբաղի դէմ լայնածաւալ յարձակման եւ քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ուժի կիրառման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան կապակցութեամբ ձեռնարկուած միջոցառումներուն մասին հարցեր։ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները հանդէս եկան զեկուցումներով։ Արձանագրուեցաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Հայաստանի զինեալ ուժերը կատարած են իրենց առջեւ դրուած խնդիրները։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը յաղթանակ տարած է՝ կասեցնելով Ատրպէյճանի յարձակումը եւ խափանելով անոր ծրագրերը։ Քննարկուած հարցերուն շուրջ Սերժ Սարգսեան տուաւ համապատասխան յանձնարարականներ։ Հայաստանեան մամուլը կը մատնանշէ, որ Անվտանգութեան խորհուրդին ժողովը յաջորդած է Սերժ Սարգսեանի կողմէ նախընթաց օր Պաշտպանութեան նախարարութիւն տրուած այցելութեան։
Բաց աստի, Նախագահ Սարգսեան երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ։ Ծանօթ է, որ ներկայիս երկու կաթողիկոսները կը պատրաստուին զօրակցութեան այցելութիւն մը տալ դէպի Արցախ։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ վերջին օրերուն Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Զրուցակիցները կարեւորեցին պետութիւն-եկեղեցի ջանքերու համատեղումը՝ ի նպաստ համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Սերժ Սարգսեանին հետ անդրադարձան նաեւ դէպի Արցախ իրենց յառաջիկայ այցելութեան։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանն ալ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Մոսկուայի մէջ՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու միջկառավարական խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար։ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Յովիկ Աբրահամեանի հանդիպումը՝ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։
ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ
Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը օրակարգի վրայ եկաւ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին։ Հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, եւրոպացի խորհրդարանականներուն գերակշիռ մասը հանդէս եկաւ յարաբերաբար աւելի հայամէտ դիրքորոշումներով՝ առաջարկելով խստացնել ճնշումները Ատրպէյճանի վրայ։ Ժողովի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոմիութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մոկերինի Եւրոխորհրդարանի նիստին ընթացքին յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս վերջին շրջանին լարուածութեան աճը աւելի յստակ ցոյց կու տայ, որ այս խնդիրը չունի ռազմական լուծում։ «Մենք կը շարունակենք պնդել հրադադարի խստիւ պահպանման եւ խաղաղութեան գործընթացէն ներս յառաջ շարժուելու վրայ։ Մասնաւորապէս քաղաքական անձերու թիրախաւորումը պէտք է դադրի։ Սակայն ակնյայտօրէն մենք չենք կրնար համաձայնիլ կարգավիճակին եւ մեր քաղաքական նպատակը պէտք է ըլլայ, որ կողմերը վերսկսին հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները», ըսաւ Մոկերինի եւ ընդգծեց աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ խնդրի կարգաւորման։
Մոկերինի յայտեց, թէ ի լրումն համանախագահներու ջանքերուն՝ քանի մը տարիէ ի վեր Եւրոմիութիւնը կը խրախուսէ կողմերու միջեւ խաղաղ շփումները։ Այսօր այդ ջանքերը կարեւոր են աւելի քան երբեք։ Հակամարտութեան կարգաւորումը պիտի շարունակէ զբաղեցնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ ԵՄ-ի երկխօսութեան օրակարգը։ «Բանակցութիւններու այլընտրանքը պիտի ըլլան աւելի շատ մահեր եւ աւելի շատ կործանումներ։ Հիմա բոլորն ալ կը հասկնան, որ կարգավիճակը կրնայ տանիլ միայն բռնութեան եւ տեղի ունեցաւ այս բանը։ Եկէ՛ք չթերագնահատենք այս հակամարտութեան վտանգը։ Եկէ՛ք ստեղծուած իրավիճակը վերածենք խաղաղութեան համար հնարաւորութեան», ըսաւ Մոկերինի։
Պրիւքսէլի ժողովին ընթացքին Մոկերինի ընդգծեց նաեւ, թէ լայնածաւալ հակամարտութիւնը չի նպաստեր ոեւէ մէկու շահերուն։ Հարաւային Կովկասը շատ կարեւոր տարածքաշրջան մըն է Եւրոպայի համար։ Ան կը գտնուի Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի խաչմերուկին։ Տարածքաշրջանը զարգացման հսկայական հնարաւորութիւն ունի, սակայն այդ մէկը ետ կը մղուի անկայունութեան եւ պատերազմի պատճառով։ «Այս հակամարտութիւնը կը խարխլէ երկու երկիրներու, անոնց հարեւաններու զարգացումը եւ մերձեցումը Եւրոմիութեան հետ», ըսաւ Մոկերինի։
Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր կը պատրաստուի այս շաբթուան մէջ այցելել հակամարտութեան տարածքաշրջան։