հնդկական տաճարԻՆ ՄԷՋ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Հնդկաստանի Մահարաշտրա նահանգին մէջ գտնուող հնամենի տաճարը, որ հարիւրամեակներ շարունակ բաց եղած է միայն տղամարդոց համար, արդէն թոյլատրած է նաեւ իգական սեռի ներկայացուցիչներու մուտքը:
Նման որոշում կայացուցած են տաճարի խորհուրդն ու անոր հովանաւորը։
Տաճարի սրբութիւնը կը համարուի բաց երկինքի տակ դրուած սեւ քարը, որ կը մարմնակորէ Սաթիւրն մոլորակի հետ կապուած Շանի աստուածութիւնը։ Շուրջ հինգ հարիւր տարի կանանց կ՚արգիլուէր մօտենալ անոր, բարձրանալ ինն աստիճաններն ու իւղ լեցնել սուրբ քարի վրայ։
Անցեալ տարի երիտասարդուհի մը յաջողած էր հասնիլ քարին մօտ, որմէ յետոյ տաճարը համարուած է սրբապղծուած, ու անոր վանականները իրագործած են մաքրագործման ծիսակարգ։
Այս պատահարէն յետոյ նահանգին մէջ ձեռնարկուած է լայնածաւալ արշաւի մը, որու նպատակն էր ապահովել կանանց մուտքը տաճար։