ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԱՊԱԿԱՅՈՒՆԱՑՆԵԼ ՇՓՄԱՆ ԳԾԻՆ ՎՐԱՅ
ԵԱՀԿ-ի կողմէ հրապարակուեցաւ 2016 թուականի զեկոյցը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ ԵԱՀԿ կը շարունակէ ձգտիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ ու տեւական կարգաւորման։ «Հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս արձանագրուած մահացու բռնկման դէպքերուն եւ ընդհանուր առմամբ փոքր յառաջընթացին՝ ԵԱՀԿ կը հաստատէ հաստատակամօրէն ձգտիլ խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման», նշուած է զեկոյցին մէջ եւ ընդգծուած՝ որ ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս առկայ հակամարտութիւնները կը շարունակեն գերակայութիւն ըլլալ կազմակերպութեան օրակարգին վրայ։ Այս ծիրին մէջ յիշեցուած է 2016 թուականի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմը։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրէն ներս բռնութեան, լարուածութեան նոր աճը անհրաժեշտ դարձուց ճգնաժամային կառավարման աշխուժացումը։ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը արագօրէն արձագանգեց շփման գծի վրայ բռնութեան աճի դրսեւորման՝ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստի կազմակերպումով եւ յորդորելով կիրառել Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նախագահներու մակարդակին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը շարուանկէ իրավիճակը ապակայունացնել շփման գծին վրայ։ Կարէն Միրզոյեան դէպի Աթէնք աշխատանքային այցելութեան ընթացքին հարցազրոյց մը տուաւ «CNN Greece» հեռուստակայանին։ Այս առթիւ ան նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս Ռուսաստան սերտօրէն կը համագործակցի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ։ Իր խօսքերով, այս երեք երկիրները հանդէս կու գան ընդհանուր դիրքորոշումով եւ կը համադրեն բոլոր ջանքերը՝ հակառակ անոր, որ միջազգային այլ խնդիրներու շուրջ անոնք ունին տարաձայնութիւններ։