ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԱՄՆ-Ի ՀԱՄԱՐ

«Սու­րիոյ զար­գա­ցում­նե­րը տե­ղի չեն տար հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի մը», նման յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ վաս­տա­կա­ւոր դի­ւա­նա­գէտ Ար­ման Նա­ւա­սար­դեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դես­պան Նա­ւա­սար­դեան հա­մո­զուած է, որ հե­տա­գա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սը։ Ար­ման Նա­ւա­սար­դեա­նի կար­ծի­քով, ներ­կա­յիս ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը հա­ւա­նա­կան կը դարձ­նէ Սու­րիոյ մաս­նա­տու­մը։

«Այն ձեռք­բե­րում­նե­րը, ո­րոնք կա­յին ԱՄՆ-ի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ մի­ջազ­գա­յին, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րու հա­մա­տես­քին մէջ՝ պի­տի յե­տաձ­գուին քա­նի մը տա­րիով։ Ներ­կա­յիս կար­ծես Պաղ պա­տե­րազ­մի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կայ եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սրուած են միան­շա­նակ, ինչ որ ա­ռա­ջին հեր­թին պի­տի անդ­րա­դառ­նայ Սու­րիոյ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն վրայ։ Կը կար­ծեմ՝ Պե­շար Է­սատ այ­լեւս ա­պա­գայ չու­նի այդ խնդիր­նե­րուն մէջ, ո­րով­հե­տեւ, ըստ իս, այն­տեղ աշ­խա­տե­ցան այն­պի­սի գոր­ծօն­ներ՝ քի­միա­կան զէնք եւ այլն, փաս­տօ­րէն Սու­րիոյ այ­սօ­րուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ դուրս ե­կաւ ամ­բողջ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը», ը­սաւ Նա­ւա­սար­դեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան վաս­տա­կա­ւոր դես­պա­նը յո­ռե­տես կան­խա­տե­սում­ներ ը­րաւ ու յայտ­նեց, որ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) ա­րարք­նե­րը կրնան սաստ­կա­նալ։ Նա­ւա­սար­դեա­նի կան­խա­տե­սում­նե­րով, վե­րո­յի­շեալ զար­գա­ցում­նե­րը պի­տի անդ­րա­դառ­նան նաեւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի վրայ։ «Կար այն­պի­սի կար­ծիք մը, թէ ԱՄՆ ու­շադ­րու­թիւն չի ցու­ցա­բե­րեր Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի նկատ­մամբ եւ տա­րած­քաշր­ջա­նը Ռու­սաս­տա­նի ազ­դե­ցու­թեան ո­լոր­տին մէջ էր։ Այս կար­ծի­քը հի­մա կար­ծես, թէ կը մղուի երկ­րորդ փլա­նի վրայ։ Գրե­թէ հա­մո­զուած եմ՝ ԱՄՆ-ի կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ տա­րած­քաշր­ջա­նը, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ այն­պի­սի թնճուկ մը ստեղ­ծուած է, որ կրնայ պատ­ճառ դառ­նալ բո­լո­րո­վին նոր քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճակ մը։ Հա­յաս­տա­նի քայ­լե­րը պէտք է ըլ­լան ճիշդ», եզ­րա­փա­կեց Նա­ւա­սար­դեան։

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017