ՀՀԿ ԵՒ ՀՅԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ԿԸ ԾԱՒԱԼԵՆ
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ համախոհական նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ երկրին օրակարգը։ Ընտրութիւններէն առաջին դիրքի վրայ դուրս եկած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը թէեւ ունի անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը խորհրդարանէն ներս, սակայն մտադիր է համախոհական կառավարութիւն մը կազմել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ։ ՀՀԿ խորհրդարանի մեծագոյն քաղաքական ուժը մնալ կը շարունակէ, իսկ ՀՅԴ դարձած է խորհրդարան մուտք գործած չորս կուսակցութիւններուն փոքրագոյնը։ ՀՅԴ-ի ղեկավարներէն Արմէն Ռուստամեան նախընթաց օր լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնած էր, որ ՀՀԿ-ի հետ բանակցութիւններու մէջ են համախոհական իշխանութիւն մը ձեւաւորելու նպատակով։ Երէկ, ՀՀԿ-ի բանբեր Եդուարդ Շարմազանովն ալ հաստատեց այս տուեալը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՀՀԿ-ի երէկ տեղի ունեցած գերագոյն մարմնի նիստէն վերջ Շարմազանով լրագրողներուն տեղեկացուց, որ կուսակցութիւնը ՀՅԴ-ի հետ կը քննարկէ ապագայ համագործակցութեան հարցը։ «Քանի որ այդ քննարկումները կը շարունակուին ու չեն աւարտած, ճիշդ չ՚ըլլար, որ մենք քննարկենք ապագայ կառավարութեան մէջ նախարարական տեղերու, պատասխանատուներու կամ Ազգային ժողովի նախագահի, փոխ-նախագահներու, մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու հարցը», ըսաւ Շարմազանով եւ աւելցուց, թէ երբ ՀՅԴ-ի քննարկումները աւարտին՝ ապա իրենք պիտի տեղեկացնեն արդիւնքներուն մասին։