ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ
Հայաստանի Վաղարշապատ (Էջմիածին) քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մարզական կառոյցի մը հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Վաղարշապատի Ֆութպոլի ակադեմիոյ հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Ալեքսանտր Ճեֆերին, Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան եւ այլ բազմաթիւ պաշտօնական հիւրեր։ Վաղարշապատի Ֆութպոլի ակադեմիան ՈՒԷՖԱ-ի, ՖԻՖԱ-ի եւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ ներդրումային ծրագիր մըն է, որու արժէքը կը կազմէ շուրջ 900 միլիոն դրամ։ Մարզական այս կառոյցի շինարարական աշխատանքները սկսած են անցեալ տարուան Հոկտեմբերին։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին ալ շինարարութիւնը հասնի իր աւարտին։
Հարկ է նշել, որ բացի Վաղարշապատէն, Արմաւիր քաղաքին մէջ ալ կը կառուցուի ֆութպոլի ակադեմիայ մը։
Երէկուան հիմնարկէքի արարողութենէն վերջ, Սերժ Սարգսեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ալեքսանտր Ճեֆերինի հետ։