ՎԱՐՇԱՒԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Վար­շա­ւիոյ մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եւ Վի­շեկ­րա­տեան քա­ռեա­կի (Լե­հաս­տան, Չե­խիա, Սլո­վա­քիա, Հուն­գա­րիա) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ընդ­լայ­նուած հան­դիպ­ման։ Այս ժո­ղո­վին ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ ԵՄ-ի շարք մը եր­կիր­նե­րէն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի ընդ­լայ­նման ու հա­րե­ւա­նու­թեան հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հան։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, որ յի­շե­ցուց, թէ Մար­տի 21-ին Հա­յաս­տան եւ ԵՄ նա­խաս­տո­րագ­րե­ցին հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նուած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Այս վեր­ջի­նը կը ցո­լաց­նէ կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գո­յու­թիւնն ու էու­թիւ­նը եւ կը սահ­մա­նէ ընդ­լայ­նուած գոր­ծըն­կե­րու­թեան նոր ու­ղե­նի­շեր։ «Պրիւք­սե­լի մէջ կա­յա­նա­լիք յա­ռա­ջի­կայ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շօ­շա­փե­լի ձեռք­բե­րում­ներ ար­ձա­նագ­րե­լը կա­րե­ւոր պի­տի ըլ­լայ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան հե­տա­գայ կեն­սու­նա­կու­թեան հա­մար։ Այս ա­ռու­մով մենք կ՚ար­ժե­ւո­րենք ո­լոր­տա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան լիցք հա­ղոր­դե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին կա­պե­րու շուրջ քննար­կում­նե­րու վրայ կեդ­րո­նա­ցու­մը, ո­րով­հե­տեւ սա Ռի­կա­յի հա­մա­տեղ հռչա­կագ­րին մէջ ամ­րագ­րուած Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մին է», ը­սաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

Բաց աս­տի, նա­խա­րա­րը յի­շե­ցուց, որ են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու փոխ­կա­պակ­ցուա­ծու­թիւ­նը պատ­շաճ տեղ կը զբա­ղեց­նէ Հա­յաս­տան-ԵՄ 2017-2020 թուա­կան­նե­րու հա­մար գոր­ծըն­կե­րու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ան այս նիւ­թին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ընդգ­ծեց ոչ միայն երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, այլ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­բող­ջին մէջ։ Եւ­րո­միու­թիւ­նը՝ Եւ­րո­պա­կան ներդ­րու­մա­յին դրա­մա­տան մի­ջո­ցաւ կը նպաս­տէ Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րե­րէն մէ­կուն՝ Հիւ­սիս-հա­րաւ ճա­նա­պար­հա­յին մի­ջանց­քի կա­ռուց­ման։ Այս վեր­ջի­նը Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ եր­կայն­քով, 556 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ ար­դիա­կան մայ­րու­ղի մը պի­տի ըլ­լայ։ Նալ­պան­տեան Եւ­րո­միու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ ձեռք բե­րուած գործ­նա­կան քայ­լե­րու շար­քին դա­սեց Հա­յաս­տան-Վրաս­տան սահ­մա­նա­յին ան­ցա­կէ­տե­րու ար­դիա­կա­նա­ցու­մը։ Սա ա­ռա­ւել գործ­նա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կ՚ըն­ձե­ռէ տա­րան­ցում­նե­րու եւ ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւալ­նե­րու ա­ճին հա­մար։ Նոյն ամ­բող­ջին մէջ Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մի­ջեւ բարձ­րա­վոլթ ե­լեկտ­րա­հա­ղորդ­ման գի­ծե­րու կա­ռուց­ման՝ նոյն­պէս Եւ­րո­միու­թեան ներդ­րում­նե­րով։

«Են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին փոխ­կա­պակ­ցուա­ծու­թեան եւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ մենք կրնանք ար­դիւ­նա­ւէ­տօ­րէն խթա­նել տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կա­յու­նու­թիւ­նը եւ զար­գա­ցու­մը», ը­սաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ ԵՄ-ի եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։  Ըստ ի­րեն, շար­ժու­նա­կու­թիւ­նը եւ մարդ­կանց մի­ջեւ շփում­նե­րը անհ­րա­ժեշտ են հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րէ ներս կա­պե­րու ընդ­լայն­ման հա­մար եւ այս մէ­կը Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան հիմ­քին դրուած ա­ռանց­քա­յին սկզբունք­նե­րէն մին է։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017