ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմի դէմքերը հետզհետէ յայտնի կը դառնան։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն ստորագրեց հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ նշանակուեցան իր աշխատակազմէն շարք մը դէմքեր։ Այսպէս, նախագահի խորհրդական նշանակուեցաւ Համլէթ Գասպարեան, որ մինչ այդ կը վարէր արտաքին գործոց նախարարի խորհրդականի եւ նախարարութեան քաղաքական ծրագրաւորման վարչութեան պետի պաշտօնը։ Գասպարեան հայկական դիւանագիտութեան փորձառու դէմքերէն մին է։ Ան անցեալի մէջ դեսպանի պաշտօն վարած է շարք մը կարեւոր մայրաքաղաքներէ ներս, նաեւ աշխատած՝ զանգուածային լրատուութեան բնագաւառին մէջ։ Բացի դեսպան ըլլալէ առաջ, Գասպարեան զանազան մակարդակներու վրայ պաշտօններ զբաղեցուցած է նաեւ Հայաստանի կարեւոր մայրաքաղաքներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն ներս։

Արմէն Սարգսեանի մէկ այլ հրամանագրով, նախագահի խորհրդական նշանակուած է նաեւ Արա Ալեքսանեան։ Այս վերջինը առարկայական գիտութիւններու աշխարհէն դէմք մըն է։ Ան ֆիզիքամաթեմաթիքական գիտութիւններու տոքթոր է ու կը դասաւանդէ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։

Բաց աստի, Արմէն Սարգսեանի կարգադրութեամբ՝ Յասմիկ Պետրոսեան նշանակուած է նախագահի օգնական։ Յասմիկ Պետրոսեանն ալ հայկական դիւանակալական անձնակազմի յայտնի եւ փորձառու անուններէն մին է։ Ան անցեալի մէջ նախագահական աշխատակազմէն ներս պատասխանատու պաշտօն զբաղեցուցած է՝ յատկապէս երկորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018