ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ «ԱՐՍԵՆԱԼ»Ի ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔԻՆ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹ ՎԵՐՋ ԿՐՆԱՅ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ

Հայկական ֆութպուլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեանի բուժման համար կը նախատեսուի երկու շաբթուան ժամկէտ մը։ Լոնտոնի «Արսենալ»ի մարզաշապիկով ան վերջերս վնասուածք ստացած էր ու նոյնիսկ կը հաղորդուէր, թէ ներկայ մրցաշարքը վերջացած է իրեն համար։ Այժմ նոր լուրեր կը հաղորդուին Մխիթարեանի կացութեան շուրջ։

«Արսենալ»ի գլխաւոր մարզիչ Արսէն Վենկէր տեղեկացուց, որ Հենրիխ Մխիթարեան վնաս կրած է ծնկայօդի կապանէն։ «Մի՛ անհանգստանաք, «Արսենալ»ը լաւ բժիշկներ ունի եւ Մխիթարեան լրջօրէն կը վերականգնուի», յայտնեց «Զինագործներու» մարզիչը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018