ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԱՅԻՆ ՇԱԲԱԹ

Հայաստանի մէջ ազգային գրադարանային շաբաթը կը սկսի ապրիլի 15-ին։ Այսպէս, Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւնը ապրիլի 15-22 թուականներուն Հայաստանի մէջ կ՚իրականացնէ աւանդաբար նշուող Ազգային գրադարանային շաբաթը, որ այս տարի նուիրուած է մեծանուն բանաստեղծ Յովհանէս Թումանեանի եւ հայկական ազգային յօրինողական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտասի 150-ամեակներուն:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Հայկական գրադարանային ընկերակցութեան կողմէ իրականացուող մասնագիտական-մշակութային ամենամեայ շաբաթը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2002 թուականին եւ մինչեւ այսօր իր ուրոյն տեղը ունի գրադարանային մշակութային միջոցառումներու շարքին. ան կը կարեւորէ գրադարանային հիմնահարցերը, անոնց թիրախաւորումը, բարձրաձայնումն ու լուծման նպատակաուղղուած եղանակներու կիրառումը։

Ազգային գրադարանային շաբաթը անուրանալի դեր ունի մշակութային կեանքի համաչափ ձեւաւորման համատեքստին մէջ, քանի որ գիրքը ընթերցելն ու սիրելը, գիրքի նկատմամբ հոգատարութիւն դրսեւորելը առաջնային են հոգեւոր ու մշակութային դաստիարակութեան գործին գծով, իսկ «Շաբաթ»ի միջոցառումները կը նպաստեն գրադարաններու, գիրքի եւ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան բարձրացման, հանրութեան կեանքին մէջ գրադարաններու նշանակութեան արժեւորման, ընթերցող-գրադարան կապի անմիջականութեան:

Ազգային գրադարանային շաբթուան նպատակն է գրադարաններու միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան բարձրացում, գիրքի եւ տեղեկատուական ոլորտի աշխատակիցներու համար գրադարանային գործի կարեւորում, ինչպէս նաեւ գրադարան-հանրութիւն կապի ամրապնդում: Որպէս թիրախային խումբեր կ՚առանձնանան գրադարանային սպասարկման, տեղեկատուական եւ մատենագիտական ոլորտի աշխատակիցները, ընթերցողները, մտաւորականները:

«Շաբաթ»ին իրենց առանձին ծրագրերով կը մասնակցին Հանրապետութեան մարզային, համայնքային, մասնագիտական, համալսարանական գրադարանները, որոնք նախապէս տեղեկացուած են Ազգային գրադարանային շաբթուան ժամկէտի, յատուկ անուանական օրերու մասին եւ ստացած են տարուայ խորհուրդին համապատասխան ձեւաւորուած ազդագիր-պաստառը:

Գրադարաններու մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան հանդիպումներ, գիրքերու քննարկումներ եւ շնորհանդէսներ, մշակութային կարեւոր տարեդարձներուն նուիրուած միջոցառումներ, բանաստեղծական ժամեր, ցուցահանդէսներ, կոմիտասեան երաժշտութեան ունկնդրումներ, մասնագիտական շրջայցեր դէպի Հայաստանի գրադարաններ, գիրքերու նուիրատուութիւններ...

Ապրիլի 22-ին տեղի կ՚ունենայ Ազգային գրադարանային շաբթուան փակումն ու արդիւնքներու ամփոփումը:

Շաբաթ, Ապրիլ 13, 2019